Խորհրդարանի Նախագահը Վերադարձաւ Լիբանան

Պըրրի` Թեհրանէն հրաժեշտ տալու պահուն
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ վերադարձաւ Լիբանան` աւարտելէ ետք Իրան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը:
Թեհրանի մէջ Պըրրիի եւ լիբանանեան պատուիրակութեան հրաժեշտ տուին Իրանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ սէյիտ Ապու Թրապ եւ Իրանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Հաժ:
Ապու Թրապ դրուատեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ շրջանին մէջ Լիբանանի դիրքն ու դերակատարութիւնը: «Ժողովրդավարութիւնը Լիբանանի յատկանիշն է, եւ լիբանանցիներուն կողմէ անոր պահպանումն է, որ կ՛երաշխաւորէ Լիբանանի բոլոր համայնքներուն գոյութիւնը:
Այս բազմազանութիւնն է, որ ուժի աղբիւր է եւ թշնամի Իսրայէլին դէմ ցուցաբերուած յաղթանակի հիմք», ըսաւ Ապու Թրապ:
Նշենք, որ Պըրրիի ընկերակցող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կազմեցին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Ապտել Լաթիֆ Զէյն, Ղազի Զաայթեր, Ալի Ֆայեատ եւ Քասեմ Հաշեմ:
Երեսփոխան Բագրատունի «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի համար մեծագոյն հոգը այն էր, որ ան ոչ միայն Լիբանանէն, այլեւ` արաբական աշխարհէն հեռացնէ սադրանքներուն վտանգը` աւելցնելով, որ Պըրրի պնդեց այս իմաստով Իրանի ունենալիք կարեւոր դերակատարութիւնը:

