Մաքսատան Պաշտօնեաները Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն Իրենց Աշխատանքները
Մաքսատան ուժերուն կողմէ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի «Թահթա Թայիլաթ ալ մասուլիյա» յայտագիրին անձնակազմին խոշտանգումէն օր մը ետք, մաքսատան պաշտօնեաները զօրակցութիւն յայնեցին մաքսատան ընդհանուր տնօրէն Շաֆիք Մըրհիի եւ պոյքոթի ենթարկեցին իրենց աշխատանքները:
Մըրհի յայտնեց, որ իրենք նախանցեալ օր ինքնապաշտպանութեան դիմած են եւ օրէնքով շարժած:
Մաքսատան պաշտօնեաները Պէյրութի միջազգային օդակայանի իրենց գրասենեակները փակ պահեցին` առկախ պահելով 66 բեռնատար օդանաւերը դատարկելու, ինչպէս նաեւ 50 այլ օդանաւեր բեռնաւորելու աշխատանքը:
Անոնք մաքսատան գրասենեակներուն մօտ բարձրացուցին պաստառներ, որոնց մէջ մերժեցին Շաֆիք Մըրհիի դէմ մղուած արշաւը:
Պէյրութի եւ Սայտայի նաւահանգիստներուն մէջ նոյնպէս գործադուլ կատարուեցաւ: Մաքսատան պաշտօնեաները սպառնացին յառաջիկայ օրերուն եւս շարունակել գործադուլը:
Ծեծի ենթարկուած լրագրող Ռիատ Քպայսի շեշտեց, որ իր ունեցած փաստերը պիտի տրամադրէ հանրութեան, որպէսզի ան դատէ, թէ փտածութիւնը ո՛ւր կը գտնուի:
Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս խստիւ դատապարտեց լրագրողներուն դէմ գործուած բռնարարքները` շեշտելով, որ լրագրողներու խոշտանգումը օրինազանցութիւն է եւ կը սպառնայ ընդհանուր ազատութիւններուն:
Հըս շեշտեց, որ լրագրողներուն դէմ գործուած յարձակումները վայրագութիւն կը նկատուին, իսկ անոնց գործիքները կոտրտելու քայլերը ցուցանիշներ են կարգ մը կառոյցներու մօտ գոյութիւն ունեցող միլիսական վարուելակերպին:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Արիտի խստիւ դատապարտեց լրագրողներուն դէմ պատահածը` շեշտելով, որ լրագրողներուն խոշտանգումը կտրականապէս մերժելի է:
Իրաւաբաններու Պէյրութի սենտիքայի նախագահ Ժորժ Ժրէյժ դատապարտեց մաքսատան միջադէպը` ընդգծելով, որ լրագրութեան աշխատանքը սկզբունքի մը անմասնատելի մէկ բաժինն է: Ան շեշտեց, որ սենտիքան կը պաշտպանէ ընդհանուր ազատութիւնները:

