Նախագահ Սլէյման Դրուատեց Ապահովութեան Խորհուրդին Հաղորդագրութիւնը

Նախագահ Սլէյման եւ Տաուք

Նախագահ Սլէյման եւ Տաուք

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ մէկ կողմէ ճշմարտութեան փնտռտուքը եւ միւս կողմէ ինքնապաշտպանութիւնը կ՛ենթարկուին օրինական եւ կանոնագրային մեքանիզմներու, որոնց մէջ առաւելագոյն չափով կարեւոր են օրէնքի պետութեան, ինչպէս նաեւ հանրային շահերուն եւ հանրութեան դրամին պահպանումը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ մաքսատան կեդրոնին դիմաց նախանցեալ օր արձանագրուած դէպքերը այդ ոգին ցոյց չեն տար` աւելցնելով, որ ինք կոչ ուղղած է դատական իշխանութիւններուն եւ հսկիչ մարմիններուն հետեւելու այդ թղթածրարին` մինչեւ ճշմարտութեան բացայատումը, ինչպէս նաեւ խօսքի ազատութեան եւ լիբանանցիներուն քաղաքացիական իրաւունքներուն ապահովումը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման դրուատեց Ապահովութեան խորհուրդի տեղեկագիրը` նկատի ունենալով անոր զօրակցութիւնը Լիբանանին օժանդակող երկիրներուն, որոնք նպաստներ կը ներկայացնեն Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն:

Նախագահ Սլէյման այս կեցուածքները արտայայտեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուքը ընդունելու պահուն:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպել, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց Իրանի եւ վեցեակին միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը, որ կը վերաբերի հիւլէական թղթածրարին:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Ֆուատ Սաատ եւ նախկին նախարար Շարլ Ռըզք:

Share this Article
CATEGORIES