Միքաթի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Քաթար

Միքաթի եւ շէյխ Թամիմ

Միքաթի եւ շէյխ Թամիմ

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Քաթար, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ` ներկայութեամբ Քաթարի վարչապետ եւ ներքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Նասեր Ալ Թանիի:

Միքաթիի ընկերակցեցաւ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին արտաքին գործոց, ընկերային հարցերու, ներքին գործոց եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատարներ Ատնան Մանսուր, Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Մարուան Շարպել եւ Նիքոլա Նահհաս, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ Քաթարի մէջ Լիբանանի դեսպան Հասան Նաժըմ:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի շեշտեց, որ այս այցելութիւնը եղաւ առիթ մը` Լիբանանի եւ Քաթարի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ խորապէս քննարկելու երկկողմանի գործակցութեան հեռանկարներն ու շրջանին մէջ տեղի ունեցող ներկայ իրադարձութիւնները:

Միքաթի շեշտեց լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւնները հեզասահ պահելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ լիբանանեան պետութիւնը համոզուած է, որ այդ յարաբերութիւնները լաւագոյնը կը մնան:

Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարի` Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով անոր ունեցած դերակատարութեան համար, յատկապէս Ազեզի մէջ երկար ատեն առեւանգուած պահուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին առումով:

Միքաթի կարեւոր նկատեց նաեւ Քաթարի միջամտութիւնը` Սուրիոյ մէջ առեւանգուած Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսներն ու լիբանանցի լրագրող Սամիր Քասսապը ազատ արձակելու բանակցութիւններուն իմաստով. ան շեշտեց, որ այդ թղթածրարներուն լուծումը կարեւոր է` լիբանանեան ազգային համերաշխութեան եւ համակեցութեան պահպանումին համար:

Կը նախատեսուի, որ Միքաթի Քաթարէն ետք իր շրջապտոյտը շարունակէ ուղղուելով դէպի Ծոցի երկիրներ, ինչպէս` Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ այլն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )