Նախագահ Սարգսեան Կը Շնորհաւորէ Վրաստանի Վարչապետը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհակալական ուղերձ յղեց Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի` Վրաստանի վարչապետի բարձր պաշտօնին նշանակուելուն առիթով:
Նախագահ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ անդրադարձաւ հայ-վրացական բարի դրացիական յարաբերութիւններուն եւ յաջողութիւն մաղթեց վարչապետ Ղարիպաշվիլիին իր պատասխանատու գործունէութեան մէջ, իսկ Վրաստանի բարեկամ ժողովուրդին` երջանկութիւն եւ բարօրութիւն:
CATEGORIES Հայկական

