Միացեալ Նահանգներու Հայլենտ Քաղաքը Ճանչցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութիւնը

Artsakh-620x300Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Հայլենտ քաղաքի խորհուրդը 26 նոյեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Բերձորի եւ Հայլենտի միջեւ քոյր քաղաքներու յարաբերութիւններու հաստատման մասին հռչակագիր մը որդեգրած է:

Քաղաքային խորհուրդին կողմէ որդեգրուած այլ հռչակագիրով մը Հայլենտը կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին ու նախագահին կոչ կ՛ուղղէ` աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքին ու ժողովրդավար անկախութեան եւ անոր կառուցողական ներգրաւման միջազգային ընտանիքին ջանքերուն` հասնելու ռազմավարական կարեւոր այդ շրջանին մէջ անվտանգութեան հարցերու արդար եւ երկարատեւ լուծման:

 

Share this Article
CATEGORIES