Արցախի Նախագահի Հանդիպումը ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ
Երկուշաբթի, 25 նոյեմբերին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Լոս Անճելըս այցելող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ:
Խորհրդակցութեանց առանցքը դարձան Արցախի տագնապին լուծում գտնելու հոլովոյթին առնչուող շարք մը հարցեր: Քննուեցան նաեւ սփիւռքի եւ Արցախի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի պետականութիւնը ամրապնդելու միջոցները:
Խորհրդակցութեանց ընթացքին յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ նշեալ աշխատանքներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջաններու հայութեան ունենալիք դերակատարութիւնը:
Նախագահ Սահակեանի կ՛ընկերանային խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան, նախագահական խորհրդական ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Գէորգի Պետրոսեան, Ուաշինկթընի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ հիւպատոս Սերկէյ Սարգիսով եւ հիւպատոս Արտակ Գալստեան:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ներկայացուցիչ տոքթ. Վիգէն Յովսէփեան, իսկ անոր մաս կը կազմէին Աւետիք Իզմիրլեան, տոքթ. Վիգէն Եագուպեան ու Պետիկ Գազանճեան:
ՀՅԴ պատուիրակութեան անդամները բարի գալուստ մաղթեցին Արցախի նախագահին եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Արցախի պայքարին ու այս տագնապին արդար լուծում մը ապահովելու համար տարուող կուսակցական ու համայնքային գործունէութեանց մասին` միաժամանակ խոստանալով նեցուկ կանգնիլ Արցախի հզօրացման ջանքերուն` իրականացնելով Արցախի մէջ ամէնօրեայ կեանքը բարելաւելու նպատակով շարք մը ծրագիրներ:

