Մուրինիօ. «Փրեմիեր Լիկ»-ը` Աշխարհի Լաւագոյնը»
Չելսիի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ «Փրեմիեր լիկ»-ը կը հանդիսանայ աշխարհի լաւագոյնը:
Մուրինիօ, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին աշխատած է Փորթուգալի, Անգլիոյ, Իտալիոյ եւ Սպանիոյ մէջ, կը վստահեցնէ, որ «Անգլիոյ մէջ ֆութպոլի լաւագոյն խաղարկութիւնը կը կիրարկուի, մինչ շատ յաճախ (եթէ ոչ ընդհանրապէս), Սպանիոյ մէջ կը բողոքեն ըսելով, որ վատ ախոյեանութիւն ունին: Նոյնն է պարագան Գերմանիոյ: Սակայն Անգլիոյ մէջ պատկերը ամբողջութեամբ տարբեր է»:
CATEGORIES Մարզական

