Մարսելօ` Ապաքինած

marceloՌէալ Մատրիտի պրազիլցի յետսապահ Մարսելօ, որ փորձերու ընթացքին վիրաւորուած էր եւ բացակայած իր ակումբին կատարած վերջին «Լա լիկա»-ի մրցումներէն, յայտարարեց, որ արդէն իսկ ապաքինած է իր ստացած վնասուածքէն:

«Ինքզինքս բաւական բնական կը զգամ եւ կը կարծեմ, որ նախկին խաղարկութիւնս կրնամ ցուցաբերել: Բաղդատմամբ այս տարեշրջանին սկիզբը մեր ներկայացուցած խաղարկութեան, աւելի բարելաւած ենք մենք մեզի, որովհետեւ զգալի է, որ կը ցուցադրենք յարձակողական ֆութպոլի եւ կը կիրարկենք բաւական լաւ պաշտպանողական», նշեց Մարսելօ:

Share this Article
CATEGORIES