Քլոփ Նեղացած Է Տորթմունտի Բաժնետէրերէն Մէկուն` Խումբին Հասցէին Կատարած Դիտողութենէն
Պորուսիա Տորթմունտի մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ իր դժգոհութիւնը յայտնեց ակումբին բաժնետէրերէն մէկուն` խումբին հասցէին կատարած դիտողութենէն:
Այդ բաժնետէրերէն մէկը ըսած է, որ ակումբին ֆութպոլիստները շատ յաճախ բարձր կը հարուածեն: Քլոփ պէտք է իր ֆութպոլիստներուն հրահանգէ, որ անոնք իրենց հարուածները քիչ մը ցածէն ուղղեն:
Անոր պատասխանելով` Քլոփ ըսած է. «Մենք շատ լաւ գիտենք բերդի մը չափերը: Եւ թէ ինչպէ՛ս գնդակը կը տեսնուի մրցակիցին բերդին մէջ, ատիկա զիս չի տխրեցներ: Մենք մեր կարելին կ՛ընենք առաւելագոյն չափով օգտագործելու կոլի առիթները եւ գնդակը զետեղելու բերդին մէջ»:
CATEGORIES Մարզական