Վիրաւոր Էթուի Մասին Այսօր Յստակ Գաղափար Մը Կը Տրուի
Լոնտոնեան Չելսի ակումբին հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այսօր յստակ գաղափար մը կը տրուի, թէ յառաջապահ Սամուէլ Էթու ինչքա՛ն դաշտերէն պիտի բացակայի:
Անոր վրայ կատարուած քննութիւնները յստակ պիտի դարձնեն, թէ 32 տարեկան քամերունցին ի՛նչ վիճակի մէջ է եւ անոր բուժումին համար ինչքա՛ն պէտք է սպասել:
Նշենք, որ ան վիրաւորուեցաւ նախանցեալ օր Պալի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ընթացքին եւ Ա. կիսախաղին փոխարինուեցաւ Ֆեռնանտօ Թորեսով:
CATEGORIES Մարզական

