«Էն. Պի. Էյ.». Ուիզըրտծ Յաղթեց Լէյքըրզի` 116-111 Արդիւնքով
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ երէկուան ճակատումներուն մեծագոյն յաղթականը հանդիսացաւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ, որ 116-111 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը:
Պրուքլին Նեթց, որ իր վերջին յաղթանակը արձանագրած էր Ֆէոնիքս Սանզի դէմ, նախորդ 15 նոյեմբերին 102-100 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թորոնթօ Ռեփթըրզը:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կէտի մը տարբերութեամբ` 102-101 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Օրլինզի, մինչ չորրորդ եւ վերջին մրցումին Օրլանտօ Մեճիք 109-92 արդիւնքով յաղթեց Աթլանթա Հոքսի:
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Շարլոթ Հոռնեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ
Օրլանտօ Մեճիք – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Պոսթըն Սելթիքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Պրուքլին Նեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Մայեմի Հիթ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Շիքակօ Պուլզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Աթլանթա Հոքս
Միլուոքի Պաքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Մինեսոթա Վուլվզ – Տենվըր Նակեթց
Օքլահոմա Սիթի – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Տալաս Մավըրիքս – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Նիւ Եորք Նիքս