Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մի՛ հետեւիք ուրիշներու ըրածին, մնացէք հաւատարիմ ձեր ներքին թելադրանքին, ձեր խղճին ու կարողութեան սահմանին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Քաջալերանքը երբ դուրսէն կու գայ, կ՛ուրախանաք, թէ լաւ գործ մը կատարած էք. այսուհանդերձ, շարունակեցէք ձգտիլ լաւագոյնին, աւելի կը գնահատուիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր շուրջը տօնական մթնոլորտ պիտի տիրէ: Միացէք զուարթ բարեկամներու, որպէսզի թեթեւնայ ձեր յոգնածութիւնը եւ աշխուժանաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գիծ մը քաշեցէք անցեալին վրայ եւ կեդրոնացէք գալիք օրերու ծրագիրներու կիրարկումին: Օրը քաջալերական է, մի՛ մտահոգուիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ հրաւէր մը ստանաք շաբաթավերջի մթնոլորտին մէջ, պատասխանեցէք` առանց վարանելու, որովհետեւ օրը պիտի ըլլայ ըստ ձեր նախասիրութեան:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Տարեդարձի մը կամ այլ ուրախ առիթով կ՛ուզէք նուէր մը գնել: Պայման չէ նուէրին սուղ ըլլալը, այլ` ձեր մտածելը եւ բարեմաղթանքի զգացումը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երկար մտածելու պէտք չունիք արդէն որոշուածը կրկին սերտելու: Երկմտութիւնը կը դանդաղեցնէ ձեր ծրագրին իրագործումը: Գործի անցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Վերջին օրերուն պատահած անհաճոյ հարցերը արդէն մոռցած էք: Նման պատահարներու վրայ կեդրոնանալը անիմաստ է, որովհետեւ ինքնավստահ էք, չէք կորսնցուցած ձեր անցեալի եւ ներկայի խոստումը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Քանի մը գործ նոյն ատեն կատարելը ոչ միայն կը յոգնեցնէ, այլ նաեւ մոռցնել կու տայ առաջնահերթը կիրարկելը. կը զղջաք: Իրար մի՛ անցնիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր որոշումը եթէ յարմար չէք նկատեր, դիմեցէք փորձագէտի մը, որպէսզի կարենաք վստահ ըլլալ, թէ ճիշդ որոշում տուած էք: Մի՛ կասկածիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շողոքորթները ընդհանրապէս կիրթ եւ անուշ լեզուով կը մօտենան եւ կրնան իրենց նպատակին հասնիլ: Այս պարագային կարեւոր է կիրարկել Աւետարանին պատգամը. «Օձերու պէս խորագէտ, աղաւնիներու պէս միամիտ եղէք»:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ամէնէն դժուար բանը մանուկ մը խաբելն է: Ուշադիր եղէք, երբ խոստում մը կու տաք մանուկներու: Անոնք չեն մոռնար մինչեւ իրենց կեանքին վերջը:

