50 Տարի Առաջ (29 Նոյեմբեր 1963)
Լիբանանի Տօնը Կիպրոսի Մէջ
Խաչիկ Պապիկեան
Գեղեցիկ Ճառ Մը Կը Խօսի
(Սեփ. Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)
Նիկոսիա, 28 նոյ. 1963
Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով կիրակի, 24 նոյեմբեր 1963, հանդիսաւոր պատարագ մատուցուեցաւ Նիկոսիոյ մարոնիներու եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագիչն էր Ֆորատարիս եպիսկոպոս:
Ներկաներու մէջ էին լիբանանեան պետական երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան, որ եկեղեցի մուտք գործեց ընկերակցութեամբ Լիբանանի դեսպան Շ. Ղոսէյնի եւ իր ազնիւ տիկնոջ:
Պատարագիչ սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ մեր վեհափառի այցելութեան եւ դրուատեց անոր ծառայութիւնները ի նպաստ Լիբանանի դատին:
Եկեղեցւոյ արարողութենէն ետք Խաչիկ Պապիկեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի դեսպանին, այցելեց Քորմաքիթի եւ եղաւ այս վերջնոյն ճաշի պատուոյ հիւրը:
Հոս շատ սիրալիր եւ մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ: Խօսք առնելով` Ֆորատարիս եպիսկոպոս ըսաւ. «Մեր ուրախութիւնը կրկնակի է: Նախ այսօր տօնն է Լիբանանի անկախութեան: Երկրորդ` մեր մէջ ունինք Խորէն Ա. կաթողիկոսը, որ Լիբանանի անկախութեան սիւներէն մին է»: Իր խօսքերը որոտընդոստ ծափահարութիւններով ընդունուեցան:
Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի պետական երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան, որ գեղեցիկ ճառ մը խօսեցաւ արաբերէն լեզուով` անդրադառնալով Լիբանանի անկախութեան, դրուատելով արժանիքները նախագահ Ֆուատ Շեհապին, որու հովանիին տակ Լիբանան բարգաւաճ եւ խաղաղ կեանք մը կը բոլորէ:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Վեհափառը Բացառիկ
Պատիւներու Կ՛արժանանայ
Մակարիոս Արքեպիսկոպոսին Ճաշկերոյթը
Եւ Լիբանանի Դեսպանին Ընդունելութիւնը
(Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)
Նիկոսիա, 27 նոյեմբեր 1963
Երէկ կէսօրին նախագահ Մակարիոս արքեպիսկոպոս հացկերոյթ մը տուաւ ի պատիւ Խորէն Ա. կաթողիկոսին, նախագահական ապարանքին մէջ:
Այս պատուոյ հացկերոյթին հրաւիրուած էին վեհափառ հայրապետէն զատ, կաթ. փոխանորդ Երուանդ վրդ. Աբէլեան, գաւազանակիր Բաբգէն վրդ. Թոփճեան, Լիբանանի պետական երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան, Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Կլաֆֆոս Քլերիտիս, արտաքին գործոց նախարար Սփիրոս Քիփրիանու, յոյն համայնքէն Ճ. Փաւլիտիս, յոյն համայնքի տան նախագահ տոքթ. Քոսթաս Սփիրիտաքիս, Ազգային իշխանութեան ատենապետ Վահրամ Թունճեան, փոխատենապետ Յակոբ Մաթոսեան, ատենադպիր Յակոբ Փալամուտեան, յոյն համայնքային տան հայ անդամ Պերճ Թիլպիեան եւ Կիպրոսի թեմական եւ վարչական ժողովոյ ներկայացուցիչներ, ինչպէս` Եդուարդ Սահակեան (Միացեալ Նահանգներէն):
Երեկոյեան, Լիբանանի դեսպան տոքթ. Շ. Ղոսէյն եւ իր ազնիւ տիկինը ի պատիւ վեհափառին տուին քոքթէյլ մը, որուն ներկայ եղան Մակարիոս արքեպիսկոպոս, մարոնիներու առաջնորդ Ֆորատարիս սրբազան, լատիններու առաջնորդ Ք. Մունի, Միացեալ Արաբ Հանրապետութեան դեսպանը, խորհրդարանի անդամներ եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ:
Երեկոյեան վեհափառ հայրապետը տեղւոյս Հայ երիտասարդաց միութեան եւ Համազգայինի հրաւէրով այցելեց զոյգ միութեանց ակումբը, ուր ջերմ ընդունելութիւն մը վերապահուած էր ներկայ հարիւրաւոր անդամ-անդամուհիներուն կողմէ:
Խօսք առին` վեհափառ հայրապետը, Լիբանանի երեսփոխան Խ. Պապիկեան, Եդուարդ Սահակեան եւ ՀԵՄ-ի ատենապետ Ա. Մահտէսեան:

