Արուեստի Աշխարհէն. Լէոնարտօ Տա Վինչիի «Փախուկ» Դաշնակը

Պատրաստեց` Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985leo1

 

 

 

 

 

 

ԴԱՇՆԱԿԻ ԵՒ ԹԱՒՋՈՒԹԱԿԻ ՄԻՋԵՒ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԱՅՍ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԳՈՐԾԻՔԸ 500 ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ԿԸ ՆՈՒԱԳՈՒԻ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ: «ՏԻ ԷՅՃ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԶԱՅՆ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ:

Իտալական Վերածնունդի հանճար Լէոնարտօ տա Վինչի, որ գծած է Մոնա Լիզան, երեւակայած է  պոչաւոր փոքր դաշնակի նմանող «վիոլա օրկանիսթա»-ն, սակայն երբեք չէ կառուցած զայն:

Այժմ այս գործիքը կեանքի կոչուած է շնորհիւ համերգներու ընկերակցող լեհ դաշնակահար Սլաւոմիր Ժուպրիցքիի, որ երաժշտական գործիքներ շինելու հակում ունի, ինչպէս նաեւ համբերութիւնը եւ խանդավառութիւնը` վերծանելու տա Վինչիի թուղթին յանձնած ծրագիրները:

Ժուպրիցքիի ստեղծած պողպատէ լարերով եւ ոլորապտոյտ դարձող անիւներով լեցուն երաժշտական այս գործիքը երաժշտական եւ մեքենական արուեստի գործ մըն է:

«Անիկա օժտուած է երաժշտական երեք գործիքներու յատկանիշներով. տաւղալար, երգեհոն եւ միջակ ջութակ», կը բացատրէ Ժուպրիցքի, առաջին անգամ ըլլալով գործիքը նուագելով Քրաքովի Երաժշտական ակադեմիային մէջ:

Գործիքին արտաքին մասը ներկուած է գիշերուան երկինքը յիշեցնող մութ կապոյտ գոյնով: Ծայրամասերը զարդարուած են ոսկեգոյն ոլորապտոյտ գիծերով: Կափարիչին մութ մորի գոյնով ներքնամասին մէջ ոսկի թերթի մը վրայ արձանագրուած է լատիներէն մէջբերում մը 12-րդ դարու գերմանացի մայրապետ, խորհրդապաշտ եւ փիլիսոփայ Ս. Հիլտըկարտէն:

«Սուրբ մարգարէներ եւ գիտնականներ, թաթխուած մարդկային եւ աստուածային արուեստներու ծովուն մէջ,  երեւակայեցին բազմաթիւ երաժշտական գործիքներ` հաճոյացնելու համար հոգին», կ՛ըսէ մէջբերումը:

Գործիքին ներքնամասը եզերուած է եղեւինի ոսկեգոյն փայտով: Շողշողափայլ 61 պողպատէ լարեր կապուած են անոր մէկ ծայրէն միւսը պոչաւոր փոքր դաշնակի մը պէս:

Տա Վինչիի ձեւագծումը

Տա Վինչիի ձեւագծումը

Այս լարերէն իւրաքանչիւրը կապուած է ստեղնաշարի մը` սեւ ստեղներու ամբողջական շարքով մը: Սակայն, ի տարբերութիւն դաշնակի, անիկա փոքրիկ մուրճեր չունի: Փոխարէնը` ոլորապտոյտ դարձող 4 անիւներ փաթթուած են ձիու պոչի մազերով, ջութակի աղեղներու պէս:

Անիւները դարձնելու համար Ժուպրիցքի կը հարուածէ ոտնակ մը, եւ մինչ կը նուագէ ստեղներուն վրայ, անոնք կը ճնշեն դէպի անիւները իջնող լարերուն վրայ` արտաբերելով հարուստ եւ հնչեղ ձայներ, որոնք կը յիշեցնեն թաւջութակի, երգեհոնի եւ նոյնիսկ ձեռնադաշնակի ձայնը:

Արդիւնքը երաժշտական ձայն մըն է, զոր երեւակայած էր տա Վինչի, սակայն երբեք չէր լսած զայն: Պատմական ոչ մէկ արձանագրութիւն գոյութիւն ունի, որ կ՛ապացուցէ, թէ տա Վինչի կամ անոր ժամանակներուն ապրած ոեւէ այլ անձ շինած է անոր ձեւագծած գործիքը:

Տա Վինչիի յատուկ մանուածապատ ձեռագիրով գրուած նոթեր եւ ճեպանկարներ պահպանուած են «Քոտեքս Աթլանթտքուս» վերնագիրով 12 հատորներէ բաղկացած շարքի մը մէջ, որ կը պարունակէ տարբեր ձեւագծումներ, ինչպէս` զէնքերու եւ օդանաւերու պատկերներ:

«Չեմ գիտեր, թէ Լէոնարտօ տա Վինչի ի՛նչ պիտի մտածէր իմ շինած գործիքիս մասին, սակայն կը յուսամ, որ ուրախ պիտի զգար», կ՛ըսէ Ժուպրիցքի, որ 3 տարի եւ 5000 ժամ աշխատած է տա Վինչիի ստեղծագործութիւնը կեանքի կոչելու համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES