Արուեստի Աշխարհէն. Ոճրային Խմբակներ Թիրախ Կը Դարձնեն Թանկարժէք Գործեր

Պատրաստեց` Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985gang1

 

 

 

 

 

 

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԵՒ ՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՈՃԻՐԻ ԲՆՈՅԹ ՍՏԱՑԱԾ Է ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՏԱՐԱԾՔԻՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՏԵՂԵԿԱԳՐԷ ԵՐԵՒՈՅԹԻՆ ԵՒ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՈՐԴԵԳՐՈՒԱԾ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ:

Ոճրային կազմակերպուած խմբաւորումներ Բրիտանիոյ տարածքին թիրախ կը դարձնեն հետզհետէ աւելի մեծ թիւով արուեստի թանկարժէք գործեր եւ հնութիւններ, ինչպէս կը յայտարարեն ոստիկանութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ:

Թիւերը ցոյց կու տան, թէ տարին աւելի քան 300 միլիոն փաունտ արժողութեամբ նման իրեր կը գողցուին: Այս գումարը ինքնին մեծագոյնն է, որ կը յաջորդէ ոճրային արարքներու, թմրեցուցիչի վաճառքի եւ ինքնաշարժներու գողութեան միջոցով գոյացած գումարներուն:

Գաղտնի ոստիկաններու համաձայն, աւազակախումբեր գողութեան ընթացքին պատրաստ են դիմելու ծայրայեղ վայրագութեան` տիրանալու համար իրենց թիրախ ընտրած իրին:

Ոստիկանութիւնը եւ տարբեր սպասարկութիւններ դեկտեմբերին պիտի սկսին կիրարկել նոր մարտավարութիւն մը` դիմագրաւելու համար այս տեսակի ոճիրներ:

Բրիտանիոյ ոստիկանապետներու ընկերակցութիւնը կը յայտարարէ, թէ աւազակախումբեր հետզհետէ աւելի յաճախ թիրախ կը դարձնեն թանգարաններու, գրադարաններու, արխիւներու եւ սեփական հաւաքածոներու մէջ ցուցադրուած իրեր` ոճրային այլ արարքներու նիւթական աղբիւրներ ապահովելու նպատակով:

Անցեալ տարուան մայիսին միջնադարեան հազուագիւտ սափոր մը գողցուեցաւ Լիւընի մէկ թանգարանին մէջ ապահովական խիստ միջոցառումներով պաշտպանուած ցուցափեղկէ մը:

Անցեալ տարուան մայիսին միջնադարեան հազուագիւտ սափոր մը գողցուեցաւ Լիւընի մէկ թանգարանին մէջ ապահովական խիստ միջոցառումներով պաշտպանուած ցուցափեղկէ մը:

«Ասիկա լուրջ մտահոգութիւն է մեզի համար», կ՛ըսէ Հըրթֆորտշըրի ոստիկանապետ Էնտի Պլիս, որ կը գլխաւորէ Բրիտանիոյ Ոստիկանապետներու ընկերակցութեան այն միաւորը, որուն պարտականութիւնն է դիմակալել ազգային ժառանգութեան եւ մշակութային ինչքերու դէմ ոճրային արարքները:

«Իր մը կրնայ արժել միլիոնաւոր փաունտեր, եւ նման իրերն են, որոնք գրաւիչ են աշխարհի տարածքին գողութիւններ կազմակերպող աւազակախումբերու համար», կ՛աւելցնէ ան:

«Արթ լոս ռեճիսթըր», որ արուեստի գողցուած իրերու վերաբերող տեղեկութիւններու միջազգային շտեմարան մըն է, կը պարունակէ ցանկը 1991-էն ի վեր Բրիտանիոյ տարածքին կորսուած, գողցուած կամ թալանուած արուեստի գործերու, հնութիւններու եւ հաւաքածոներու յատուկ իրերու:

Անցեալ տարի միջնադարեան հազուագիւտ սափոր մը գողցուեցաւ Լիւընի մէկ թանգարանին մէջ ապահովական խիստ միջոցառումներով պաշտպանուած ցուցափեղկէ մը:

Անիկա աշխարհի տարածքին իր տեսակի միայն երեք սափորներէ մէկն է եւ կ՛արժէ 750 հազար փաունտ:

«Գողութենէն ետք ամէն ոք ցնցուած էր եւ մարդիկ խիստ զայրացած էին: Կը նմանէր ուղղակի մեր անձին վրայ կատարուած յարձակումի: Որոշեցինք ամէն գնով վերատիրանալ սափորին», կ՛ըսէ Լիւընի արուեստներու եւ թանգարաններու մշակութային կեդրոնի տնօրէն Քերըն Փըրքինզ:

Ուենքլոքի սափորը, ինչպէս ծանօթ է այս իրը, վերայայտնաբերուած է ոստիկանութեան կողմէ եւ վերադարձուած` թանգարան: Սակայն անիկա տակաւին չէ ցուցադրուած իր կրած վնասուածքներուն պատճառով:

«Մեծ թիւով թանգարաններ չեն յաջողիր վերատիրանալ իրենց կորսնցուցած իրերուն: Անոնց յարկերէն գողցուած իրերը չեն վերադառնար, հետեւաբար շատ բախտաւոր զգացինք», կ՛ըսէ Փըրքինզ:

Ատրիան Կրին կը հետաքննէ Բրիտանիոյ տարածքին ազգային ժառանգութեան դէմ կատարուած լուրջ ոճիրները եւ կ՛ըսէ, թէ երկրին մէջ գողցուած իրեր կը փոխադրուին արտասահման եւ կը վաճառուին արուեստի գործերու առեւտրականներու կամ հաւաքածոյ պահողներու:

«Ասիկա առաջնակարգ մակարդակի կազմակերպուած ոճիր է եւ կ՛առնչուի տասնեակ միլիոնաւոր փաունտերու»:

«Կը նկատենք, թէ նման իրերու գինը կը բարձրանայ, սակայն նաեւ` զանոնք ձեռք ձգելու համար ի գործ դրուած բրտութիւնը: Գողերը պատրաստ են ամէն միջոցի դիմելու, ինչ որ գլխաւոր մտահոգութիւն է օրէնքը պարտադրող իշխանութիւններուն:

«Աւազակախումբեր մեր երկիրը կը պարպեն իր հարստութենէն, սակայն նաեւ միլիոնաւոր փաունտերու շահ կ՛ապահովեն ոճրագործներու», կ՛ըսէ Կրին:

Բրիտանիոյ Ոստիկանապետներու ընկերակցութեան միաւորը, որուն անդամ են նաեւ Անգլիական ժառանգութեան եւ Ազգային ոճրային հետաքննութեան սպասարկութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` օրէնքը պարտադրող մասնագէտներ, մշակած է նման ոճիրներու դէմ պայքարելու ծրագիր մը, որուն համաձայն, այսուհետեւ պիտի կազմուի գաղտնի ոստիկանութեան կողմէ տեղեկութիւններու շտեմարան մը, իսկ այս աշխատանքը պիտի վստահուի յանձնառու ոստիկաններու:

«Ոճրագործներուն թիրախը արուեստի գործերն են եւ հնութիւնները, սակայն անոնք կապ ունին դրամ լուալու, վայրագութեան, զէնքի եւ թմրեցուցիչի վաճառականութեան հետ», կ՛ըսէ Պլիս:

«Եթէ չկարենանք կասեցնել ոճրագործները, անոնք տեւաբար թիրախ պիտի դարձնեն այն, ինչ որ դրամ կ՛ապահովէ իրենց»:

 

Share this Article
CATEGORIES