Արուեստի Աշխարհէն. Ինքն Իր Վրայ Թաւալող Եգիպտական Արձանը
Պատրաստեց` Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ


ՄԱՆՉԵՍԹԸՐԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆԵՊ-ՍԱՆՈՒ ԱՆՈՒՆՈՎ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ԱՐՁԱՆԸ ՑԵՐԵԿԸ ԿԸ ՇՐՋՈՒԷՐ ԻՆՔՆ ԻՐ ՎՐԱՅ: ՏԱՐԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ԱՍԻԿԱ ՀԵՏԵՒԱՆՔ ԷՐ ՀՆԱԴԱՐԵԱՆ ԱՆԷԾՔԻ ՄԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԲՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԼՈՒԾԱԾ Է ԳԱՂՏՆԻՔԸ:
Պատկերասփիւռի անկախ կայանի մը մէկ յայտագիրէն մասնագէտ մը կը յայտարարէ, թէ 25 սմ բարձրութեամբ եգիպտական արձանի մը ինքն իր վրայ թաւալելու փաստը արդէն «վճռական» է. յայտնապէս արտաքին թրթռացումներ պատճառ կը դառնան, որ անիկա շրջէ իր դիրքը:
Մանչեսթըրի թանգարանին պատասխանատուները երկար ատենէ ի վեր կը զարմանային, թէ ինչո՛ւ այնպէս կը թուէր, թէ արձանիկը ինքն իր վրայ կը թաւալէր 180 աստիճան, երբ ոչ ոք կը հպէր անոր:
Նեպ-Սանուի արձանիկը, որ առնուազն 4 հազար տարուան հնութիւն ունի, յայտնաբերուած է զմռսուած մարմին մը պարունակող դամբարանի մը մէջ եւ թանգարանին մէջ կը ցուցադրուի 8 տարիէ ի վեր: Տեսերիզի վրայ նկարահանում մը ցոյց կու տար, թէ ինչպէ՛ս անիկա ինքն իր վրայ կը թաւալէր ցերեկը, յայտնաբար` իր կազմուածքին մէջ թրթռացումի մը պատճառով, իսկ գիշերը կը մնար անշարժ:
Թանգարանին մէջ աշխատող եգիպտաբան Քամպել Փրայս կը մտածէր, թէ հաւանաբար թանգարանը կը կրէր հնադարեան անէծք մը: Ան «Մանչեսթըր Իվնինկ Նիուզ» թերթին ըսած էր. «Օր մը նկատեցի, թէ արձանիկը դարձած էր: Մտածեցի, թէ տարօրինակ էր այս երեւոյթը, որովհետեւ անիկա զետեղուած է ցուցափեղկի ետին, որուն բանալին միայն ես ունիմ»:
«Շտկեցի արձանիկին դիրքը: Սակայն յաջորդ օր անիկա դարձեալ շարժեցաւ: Նկարահանող գործիք մը զետեղեցինք եւ անդրադարձանք, թէ անիկա դարձեալ շարժած էր: Գիտէինք, որ անիկա թաղուած էր զմռսուած մարմնի մը հետ»:
«Հնադարեան Եգիպտոսի մէջ կը տիրէր այն հաւատալիքը, որ եթէ զմռսուած մարմին մը փճանար, ապա նոր արձանիկը կը կրէր անոր հոգին: Թերեւս այսպէս կարելի է բացատրել, թէ ինչո՛ւ արձանիկը կը շարժի»:
Նկարահանումը առիթ տուած էր բուռն վիճարկութեան: «Տի Ինտիփենտընթ» թերթին մէկ կայքէջին մէջ ընթերցող մը կը գրէր. «Թերեւս պատճառը մագնիսական ուժ մըն է: Արդեօք արձանիկը կը դառնայ որոշ ուղղութի՞ւն մը մատնացոյց ընելու նպատակով, ինչպէս այն դամբարանը, որուն մէջ թաղուած էր»:
Սկեպտիկ ընթերցող մը կը գրէր. «Պարզ է բացատրութիւնը. հնութիւններու ցուցադրութեան պատասխանատուն կը բանայ ցուցափեղկը եւ երբեմն կը փոխէ արձանիկին դիրքը»:
«Եթէ մասնագէտներ ժամանակի թաւալումը արձանագրող նկարահանում մը կատարեն, դիւրութեամբ կրնան խախտել արձանիկին շրջագիծը եւ ստեղծել այն խաբկանքը, թէ անիկա կը թաւալի ինքն իր վրայ»:
Պրայըն Քոքս, որ բնագիտութեան դասախօս է թանգարանը պարփակող Մանչեսթըրի համալսարանին մէջ, աւելի աշխարհիկ բացատրութիւն մը կու տար. «Պրայըն կը մտածէր, թէ արձանիկին շարժումը արդիւնք էր «տարբերական շփումի». այսինքն` արձանիկին օձաքարէ մակերեսը եւ ապակեայ ցուցափեղկը, որուն մէջ զետեղուած է անիկա, տեղ մը կը ստեղծեն շատ նուրբ թրթռացում մը, որ պատճառ կը դառնայ արձանիկին թաւալումին», կ՛ըսէ Փրայս:
Իսկ այժմ բրիտանական «Այ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին «Միսթըրի մափ» յայտագիրը կ՛առաջարկէ լուծումը խորհրդաւոր գաղտնիքին: Քոքսի բացատրութիւնը որդեգրելով` մասնագէտ Սթիւ Կոսլինկ թրթռացումի հետքեր արձանագրող գործիքներ զետեղած է ցուցափեղկին տակ եւ ի յայտ բերած է գագաթնակէտի հասնող թրթռացումի մակարդակ մը, որ կը զուգադիպի ճիշդ այն պահուն, երբ անցորդներ եւ ինքնաշարժներ կ՛անցնին մօտակայ բանուկ Օքսֆորտ փողոցէն:
«Թրթռացումը կը ստեղծուի բազմաթիւ պատճառներով. փոխադրակառքեր կ՛անցնին դուրսի բանուկ ճամբէն, անցորդներու եռուզեռը աշխուժ է: Թրթռացումը արդիւնք է այս բոլորին», կ՛ըսէ ան:
«Արձանիկին տակի մասը կոր է: Անոր տակ կայ ցցուն ուռեցք մը, որ զայն աւելի հակամէտ կը դարձնէ թրթռացումներու, բաղդատած այլ արձանիկներու, որոնց յատակը հարթ է»:
«Այս բացատրութիւնը վճռական է», կ՛աւելցնէ ան:
Իր պլոկին մէջ գրելով «բաւական անհաւատալի» հակազդեցութիւններու մասին, զորս ստացած էր այն ընթերցողներէն, որոնք յունիսին դիտած էին տեսերիզը, Կոսլինկ հրապարակած էր կոչ մը` զգուշացնելով եգիպտաբանութեան վերաբերող պատկերացումներու փոթորիկէն:
«Հասկնալի է աշխարհի տարածքին լրատուամիջոցներու հետաքրքրութիւնը «ինքն իր վրայ թաւալող արձանիկին» նկատմամբ եւ յստակ է, թէ անիկա կը վերակենդանացնէ արդէն մաշած գաղափարներ` հնադարեան Եգիպտոսի վերաբերեալ, զայն պատկերացնելով իբրեւ տարօրինակ, խորհրդաւոր եւ ոգիներով բնակուած վայր մը», կ՛ըսէ ան:
«Այս գաղափարները տակաւին արմատացած են արդի մշակոյթին մէջ, իսկ թանգարանը ճիգ կը թափէ մարտահրաւէր ուղղելու նման պատկերացումներու` նոյնքան հետաքրքրական բացատրութիւններ տալով փարաւոններու ժամանակներու հաւատալիքներու եւ սովորութիւններու վերաբերեալ»:
Սակայն Կոսլինկ նաեւ կը մտածէ, որ եթէ այս պատկերացումները կը նպաստեն թանգարան այցելելու հետաքրքրութեան եւ հնադարեան Եգիպտոսի քաղաքակրթութեան ծանօթանալու մղումին, ապա ստեղծուած փոթորիկը ողջունելի է:
Իսկ Նեպ-Սանուի ինքն իր վրայ թաւալելու օրերը արդէն վերջ գտած են: «Այժմ յատուկ մաշկով մը պատուած է արձանիկին, ինչպէս նաեւ հնադարեան այլ իրերու յատակը` կանխարգիլելու համար որեւէ շարժում», կ՛ըսէ Կոսլինկ:

