Օրուան Մը Հրճուանքը Նոր Սերունդին Հետ
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Ո՞վ պիտի կարենար այսքան հրճուանք եւ ցնծութիւն պարգեւել ինծի, եթէ ոչ` այս թարմատի սերունդի ներկայացուցիչները, որոնք աշակերտներն են մեր հայաքաղաքի մէկ քոլեճին, որ կառուցուած է բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեանի նուիրատուութեամբ, ի յիշատակ իր ամուսնոյն` Յակոբի:
Քոլեճին հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Մատլէն Վարդանեանն է հեռաձայնի միջոցով ձայն տուողը.
– Ալօ, կրնա՞ք մեզ ընդունիլ ուրբաթ օր կէսօրէ ետք, կ՛ուզենք հանդիպում մը ունենալ ձեզի հետ:
– Հրամեցէք, ուրախ կ՛ըլլամ: Կը սիրեմ աշակերտներու հանդիպիլ:
Տիկին Մատլէն կը շարունակէ բացատրութիւններ տալ.
– Գիտէ՞ք, շաբաթ մը առաջ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ տօնին առիթով մրցում մը կազմակերպեցինք քոլեճի եօթը դասարաններու աշակերտներուն միջեւ` նուիրուած ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ սերունդին: Խմբակներու բաժնեցինք, իւրաքանչիւր խմբակ մատենագիրի մը անունով` Մեսրոպ Մաշտոց, Եղիշէ, Կորիւն, Եզնիկ Կողբացի, Փաւստոս Բիւզանդ, Մովսէս Խորենացի: Մրցանակը շահեցաւ Մովսէս Խորենացի խմբակը: Այդ օրերուն, կրնամ ըսել ճիշդ նոյն օրն էր, որ դուք ստացաք «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին կողմէ: Այս լուրը հաճելի զուգադիպութիւն մը եղաւ: Ըսեմ նաեւ, որ նախապէս յայտարարած էի, թէ մրցանակ շահող խմբակը հանդիպում մը պիտի ունենայ գրագիտուհի Շահանդուխտին հետ…
Հեռաձայնի ընկալուչը այսքան տեղեկութիւն փոխանցեց` զարմացնելով զիս: Ուրեմն տակաւին կրնանք յուսալ մեր նորագոյն սերունդին մշակութային ժառանգութիւն պահպանելուն, անշուշտ` շնորհիւ նուիրեալ ուսուցչուհիին եւ դասատուին:
Ուրբաթ օրն է արդէն, յետմիջօրէ. տանս փոքր հիւրասրահը կրցաւ պարփակել ու տեղ տալ 15 երկսեռ աշակերտներու, 13-15 տարեկան: Աղջնակ մը ինծի կը նուիրէ փունջ մը ծաղիկ` աշակերտութեան անունով:
Լուսանկարչական գործիքը իրենց հետ բերած են: Կը յանձնեն մեզ «յաւերժութեան»…
Տիկին Մատլէն յիշեցումներ կը կատարէ.
– Մեր աշակերտները հարցումներ պատրաստած են…
– Խնդրեմ, հարցուցէք…
– Արեւմտահայերէն լեզուին վտանգ կը սպառնա՞յ: Պիտի կորսնցնե՞նք:
Վերջին քանի մը տարիներուն մեր մշակութային կեանքին մէջ տագնապ ստեղծած հարց մը, զոր փարատել կը ջանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետը` Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան յատուկ մարմին մը կազմած է մտաւորականներէ եւ հայագէտ-բանասէրներէ` մաքուր պահելու եւ պաշտպանելու համար արեւմտահայերէնը: Այս կապակցութեամբ ստեղծուեցան նաեւ յատուկ դասաւանդութեան պահեր մայրավանքին մէջ` «Արեւմտահայերէնի ուսուցում խտացեալ ծրագրով»:
Պատասխանեցի առանց վարանելու եւ ինքնավստահ.
– Ո՛չ. արեւմտահայերէնը պիտի շարունակէ իր ճամբան, որովհետեւ ան է մեր դասական լեզուն, որ շարունակութիւնն է մեսրոպաշունչ մեր գրաբար լեզուին: Ան ունի մաքուր եւ ճշգրիտ դասական ուղղագրութիւն: Արեւելահայերէնը կը շարունակուի իբրեւ բարբառներու վրայ հիմնուած լեզուաճիւղ, որ ներկայիս աղճատուած է, որուն մասին մեր հայրենի լեզուագէտ-հայագէտները յաճախ ելոյթ կ՛ունենան Հայաստանի պատկերասփիւռէն` դժգոհելով սխալ խօսուած արեւելահայերէնէն, որ կը կարօտի անհրաժեշտ սրբագրութեան:
Երկրորդ հարցումը` մանչ աշակերտի մը կողմէ.
– Ո՞վ քաջալերած է ձեզ, որպէսզի շարունակէք գրել:
– Ես շատ սիրած եմ հայոց լեզուն, ընդհանրապէս սիրած եմ նաեւ օտար լեզուները: Շատ կը կարդայինք: Մենք չքաւոր ընտանիք մըն էինք, հայրս Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած պատանի` ուսում չէ ստացած, եղած է արհեստաւոր կօշկակար: Բարեբախտաբար որբ չենք եղած: Մեր ընտանիքէն ներս ուժ տրուած է ընթերցանութեան. օրուան լրագիրը եւ մեր գրողներուն հատորները ներկայ են մեր փոքր տան մէջ:
Գիրք սիրելը արդէն քաջալերանք է ինքնին: Ես հայոց լեզուն սորված եմ Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ: Հայ գիրքը եղաւ զիս քաջալերողը, ուղղութիւն ցոյց տուողը: Գիրք սիրեցէք, գիրք կարդացէք, որպէսզի առաւել զարգանաք: Ներկայ գիտութիւնը, համակարգիչի, համացանցի գիտութիւնը պէտք է լաւ սորվիք, դարուն պահանջն է այդ: Պէտք է սորվիք օտար լեզուներ, բայց պէտք չէ մոռնաք ձեր մայրենի լեզուն: Ով որ իր մայրենի լեզուն լաւ չի գիտեր, չի կրնար օտար լեզուն ճիշդ սորվիլ: Գիրքին հմայքը ուրիշ է: Համացանցը ձեր ձեռքէն առաւ մատիտը, գրիչը: Պէտք չունիք ձեռագիր գրելու: Արդէն տետրակ ալ չունիք: Ձեռագիր գրութիւն չկայ, տուժած է մեր ուղղագրութիւնը: Համացանցը, համակարգչային գիտութիւնը ունի իր առաւելութիւնները եւ ժխտական, վնասակար բաժինը: Հարկ է իմաստութեամբ օգտագործել զայն: Չափազանցութիւնները միշտ վնասակար եղած են: Սայաթ Նովա ըսած է իր ժամանակին. «Գիր սիրի, ղալամ սիրի, տաֆթար սիրի»: Համակարգիչը ներկայիս մեր ձեռքէն առած է յիշուած երեք արժէքներն ալ: Այլ հարցում մը կ՛ուղղուի.
– Ի՞նչ բաներէ կ՛ազդուիք գրելու համար: Մասնաւոր ներշնչում կ՛ունենա՞ք:
– Ներշնչում, այո՛, բայց կայ նաեւ տպաւորուելու, զգալու, դէպքէ մը, նոյնիսկ բառէ մը ազդուելու պահը, որուն թերեւս ուրիշ մը կ՛անդրադառնար, բայց ինծի համար կ՛ըլլայ խռովելու կամ խայտալու առիթ:
Լուռ կը հետեւէին աշակերտները` տրուած պատասխաններուն: Պարբերաբար կ՛ընդմիջէին զուարթ տրամադրութեամբ: Մեր միջեւ պատուար չկար: Ուրախ էինք բոլորս ալ: Կարծես վաղուց ծանօթներ ըլլայինք:
Տիկին Մատլէն կը խնդրէր ասմունք մը ներկայացնել աշակերտուհիէ մը, որ տարի մը առաջ արտասանական մրցումի մը ընթացքին առաջնութիւն շահած էր: Աղջիկը կը վարանի, տրամադրուած չէ:
– Ես թատրոնի կը հետեւիմ,- կ՛ըսէ անոր կողքին նստած աշակերտուհին:
Նկատելի է, որ իւրաքանչիւրը արուեստի հակում մը ունի:
Կողքիս նստած աշակերտին կը հարցնեմ.
– Ի՞նչ է անունդ:
– Մարտիկ…
– Հիանալի անուն…
Տիկին Մատլէն շարունակեց անունները յայտարարել: Բոլորն ալ` հայկական անուններ: Զարմանալի՛: Մեր հայկական, մասնաւորաբար ազգային վարժարաններու աշակերտներուն անունները ընդհանրապէս հայկական են: Հատ ու կենտ մուտք գործած են օտար անուններ: Վերջ պէտք է տրուի օտարազգի ժողովուրդները կապկելու մեր օտարամոլութեան: «Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում, բայց պարզապէս մեզ հայ են ասում» պատգամեց Պարոյր Սեւակ: Չմոռնա՜նք…:
Աշակերտ մը ունէր հարցում մը.
– Բայց ինչպէ՞ս հասաք այս աստիճանին…
Ի՞նչ պատասխանէի… Պարզապէս ըսի.
– Ես Պուրճ Համուտ ծնած եմ եւ հոս ապրած: Մանկութեանս թրքախօս դրացիներ կային: Ես լաւ թրքերէն սորված եմ անոնցմէ, բայց չեմ խօսած: Մեր տան մէջ մեծ մայրս մեզի հետ Մարաշի բարբառով կը խօսէր: Մենք հայախօս էինք: Ծնողքս անուս էին, բայց անոնք ալ գիրք կը սիրէին: Սուրբ Գիրք կրնային կարդալ, հայատառ թրքերէնով: Պարզապէս կարդալ կը սիրէինք: Երգել կը սիրէինք: Կ՛աղօթէինք: Դուք ալ աղօթեցէք, ոչ թէ ի ցոյց մարդկանց, նորելուկ աղօթողներու նման, այլ միայն յիշելով մեր աննման Շնորհալին, Նարեկացին: «Առաւօտ լուսոյ», «Հաւատով խոստովանիմ», «Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ» տուած են մեզի: Այս աղօթքները ես ամէն օր կը յիշեմ, դուք ալ սորվեցէք: Պէտք չունինք նոր քարոզիչներու… Սիրեցէք հայ երգը, Սայաթ Նովան, Կոմիտասը, նաեւ` լաւ երգերը: Մենք մեր մանկութեան երգած ենք մեր յեղափոխական երգերը, անոնք հայոց պատմութիւնն են: Երգեցէք մեր շարականները եւ սիրեցէք մեր եկեղեցին:
Աշակերտուհի մը ձայնեց.
– Քանի որ երգել կը սիրէք, մէկ հատ երգեցէք…
– Այո՛, այո՛, ձայն բարձրացուցին միաբերան:
Մերժէի՞…
– Բայց ձայնս փոխուած է հիմա, ալ երիտասարդ չեմ…
Կը վարանիմ: Բարդոյթը մէկ կողմ ձգած` կ՛երգեմ այս աղուոր ու գեղեցիկ սերունդին սիրոյն…
«Թամամ աշխարհ պտուտ եկայ, չթողի Հապաշ Նազանի…»:
Կարծեմ ամօթով չմնացի… ծափահարութիւնները թնդացին: Կեանքիս մէջ նման հրճուանք չէի ապրած: Անունդ օրհնեալ մնայ Մովսէս Խորենացի…
Մարտիկը գործի անցած է: Կը նկարէ…
– Խմբական, առանձին, երկու-երկու…
Որքան կարիք ունի նոր սերունդը հին սերունդին փորձառութեան, ան ըլլայ մշակութային, ընկերային, ազգային, հոգեկան եւ մեր աւանդութեան:
Հանդիպման վերջին պահուն, երբ մանչ մը հարցուց վրդոված ձայնով.
– Բայց ինչո՞ւ օտարներու հետ խառն ամուսնութիւն կ՛ընեն մեր երիտասարդները:
Ուրեմն, ըսի ինքզինքիս, կարելի է ապաւինիլ նոր սերունդին հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան, որ կը փոխանցուի անպայման մեր հայկական վարժարաններէն, մեր կրթական օճախներէն…
– Մնաք բարով, երթաք բարով, եղաւ մեր վերջին խօսքը, առանց «պայ-պայ»-ի…
Շնորհակալութիւն` տիկին Մատլէն Վարդանեանին, որ մեր աշակերտներուն ցոյց տուած է մեր հինգերորդ դարու մատենագիրներուն հասցէն…
16 նոյեմբեր 2013

