ԼԵՄ-ի 40-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին ԼԵՄ-ի Անունով Արամ Սոմունճեանին Արտասանած Խօսքը

Aram-SomoundjianՄարդկութեան պատմութիւնը յստակօրէն կ՛ապացուցէ, որ ազգերու գոյատեւման եւ զարգացման միակ երաշխիքը անոնց երիտասարդութեան հոգեմտաւոր առողջ եւ կուռ դաստիարակութիւնն է: Նոր սերունդներու լաւապէս կոփման առաջնահերթութիւնն ու կարեւորութիւնը կը մեկնին ո՛չ միայն ազգին ներկայ վիճակի բարելաւման վրայ անոր ունենալիք անմիջական ազդեցութենէն, այլ նաեւ` ամբողջ ժողովուրդի մը ապագան ճշդելու երիտասարդութեան ստանձնելիք դերակատարութենէն:

Այս իրողութենէն մեկնելով` 40 տարիներ առաջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը էական նկատեց երիտասարդական միութեան մը հիմնադրութիւնը` կազմակերպելու եւ դաստիարակելու լիբանանահայ երիտասարդութիւնը: Եթէ իբրեւ ազգ ընդհանրապէս եւ իբրեւ լիբանանահայութիւն մասնաւորապէս` պիտի շարունակենք գոյատեւել եւ Հայ դատի պայքարին մէջ յաղթանակներ արձանագրել, անհրաժեշտ էր ստեղծումը երիտասարդական միութեան մը:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ը իր բնոյթով ինքնադաստիարակչական միաւոր մըն է, որ կը փորձէ իր հովանիին տակ համախմբել երիտասարդութիւնը եւ զայն օժտել ազգային, յեղափոխական ու բարոյական դիմագիծով: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը, այսպիսով, վերածուեցաւ ընդարձակ դպրոցի մը, ուրկէ հազարաւոր երիտասարդներ անցան, եւ ուր անոնք սորվեցան ըլլալ նախ տիպար մարդիկ, ապա տիպար հայեր եւ վերջապէս` տիպար դաշնակցականներ: Անոնք թրծուեցան ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան վսեմ զգացումներով, որոնք գետնի վրայ կը թարգմանուին ԼԵՄ-ականի յատուկ զոհաբերութեամբ եւ ծառայութեան պատրաստակամութեամբ: Այս բոլորին կողքին, ազգին ֆիզիքական գոյութիւնն ու ապահովութիւնը եւ անոր կենսական կարիքներու ապահովումը ոչ միայն ազգասիրութիւն կը պահանջեն, այլեւ հովանաւորութիւնը` պայքարելու եւ դիմադրելու յանձնառու ղեկավարութեան: Եւ իբրեւ արդիւնք այս դաստիարակչական բնոյթին` այսօր աշխարհին չորս ծագերուն տարածուած հայութեան եւ մասնաւորաբար Դաշնակցութեան ղեկավարութեան զգալի մէկ համեմատութիւնը անցած է այս դպրոցէն եւ եղած է ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան անդամ:

ԼԵՄ-ը եղաւ երիտասարդութեան մտաւորական եւ յեղափոխական ղեկավարութիւնը, որ իր քաջարի կեցուածքով ամէնէն վտանգաւոր պահերուն խիզախութեամբ պահպանեց լիբանանահայութիւնը: ԼԵՄ-ը 40 տարիներու ընթացքին հանդիսացաւ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը ղեկավարող միաւորը եւ արժանացաւ ամբողջ հայութեան յարգանքին` իր անշահախնդիր եւ անսակարկ զոհաբերութեան ու նուիրումին համար:

Թէեւ գրեթէ միշտ ըմբոստ եւ շատ պարագաներու ծայրայեղ` ԼԵՄ-ը արդարացի փաստ մըն է այն մասին, որ խառնակ ու տագնապալի ժամանակներուն կարելի է վստահիլ երիտասարդութեան եւ անոր յանձնել ազգային-քաղաքական դերակատարութիւն եւ պարտաւորութիւն:

Այսպէս, ԼԵՄ-ը իր գոյութեան 40 տարիներու ընթացքին գտնուեցաւ տարբեր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: ԼԵՄ-ը ներկայ էր լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին` պաշտպանելով հայկական թաղամասերը, ԼԵՄ-ը ներկայ էր եւ ներկայ է Հայ դատի պայքարի բոլոր  աշխատանքներու մէջ, ԼԵՄ-ը ներկայ էր Արցախի ազատագրական պայքարի մէջ: Վերջապէս, վերջին տարիներու ընթացքին ԼԵՄ-ը ներկայ է նաեւ հայրենիքի մէջ` կազմակերպելով պատանեկան-երիտասարդական ճամբարներ. այս ձեւով իր ներդրումը կ՛ունենայ ՀՅԴ-ի քարոզչական աշխատանքին:

ԼԵՄ-ը իր գործունէութիւնը տարաւ նաեւ քարոզչական գետնի վրայ: Ան եղաւ ջահակիրը Հայ դատի քարոզչական աշխատանքին` զանազան հրապարակային ձեռնարկներով երիտասարդութեան նայուածքը սեւեռելով դէպի մեր Դատը:

ԼԵՄ-ը պիտի շարունակէ իր վճռական երթը: Ան այսօր իր դէմ ունի հսկայական գործելադաշտ: Միեւնոյն ժամանակ մնալով դաշնակցականներ պատրաստող դպրոց մը, ան պիտի պայքարի օտարամոլութեան եւ հայկական արժէքներէն հեռանալու երեւոյթին դէմ` ներգրաւելով երիտասարդութիւնը դէպի ամէն ինչ, որ հայկական է: ԼԵՄ-ականին համար հայ լեզուն, հայկական մշակոյթը եւ հայոց պատմութիւնը արժէքներէն են, որոնց պահպանումը անոր ամէնօրեայ մտահոգութիւնն է: ԼԵՄ-ը նաեւ պիտի պայքարի երիտասարդութեան վտանգ հանդիսացող բոլոր յոռի երեւոյթներու դէմ:

Յառաջիկայ տարիներուն համար ԼԵՄ-ը առաջնահերթ կը նկատէ հետեւեալ աշխատանքները.

Առաջին` Արեւմտահայաստանի մէջ, կարելիութեան սահմաններու մէջ, կապերու հաստատում իսլամացած, թրքացած եւ քրտացած հայերու հետ:

Երկրորդ` համաշխարհայնացումը եւ օտարամոլութիւնը նկատելով սփիւռքահայութեան հիմնական թշնամին` պայքար անոր դէմ կարելի եղած բոլոր միջոցներով:

Երրորդ` Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի երիտասարդութեան հետ կապերու սերտացում եւ աշխատանքի ծիրի ընդլայնում:

1973-էն մինչեւ օրս ԼԵՄ-ը կատարած է իր պաշտօնը եւ պիտի շարունակէ յաղթահարել բոլոր մարտահրաւէրները` հաւատարիմ մնալով իր 40-ամեայ երթին եւ իր 28 նահատակներու թափած արեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )