Յուշատետր. Իմ Եփած Ամենալաւ Կերակուրը

Ռ. Հ.

Robert-HaddejianՄարդը կը հպարտանար, որ շատ կը սիրէր կերակուր եփել, վարպետ էր խոհանոցային արուեստին մէջ: Ան ուշադրութիւն կը գրաւէր, քանի որ այրերու միջեւ քիչ են անոնք, որոնք կրնան հպարտանալ, թէ լաւ կերակուր կրնան եփել: Բայց երբ միջոց մը հարցուեցաւ, թէ ո՞րն էր իր եփածներուն մէջ ամէնէն համեղը, ան տուաւ հետաքրքրական պատասխան մը.

– Իմ ամենալաւ կերակուրը այն է, զոր տակաւին չեմ եփած:

Բայց արդեօ՞ք:

Ամէն պարագայի ես պիտի ըսեմ, որ ասիկա իմաստուն ու անսովոր պատասխան է: Չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ պէտք էր հասկնայի վարպետ խոհարարին այս անսովոր պատասխանին դիմաց: Այդ պատասխանով ան կ՛ընդունէ՞ր արդեօք, որ իր եփածները տակաւին այնքան լաւ չէին, որքան ինք կը հաւատար, որ պէտք էր ըլլային: Ասիկա որոշ անճարակութեան մը խոստովանութի՞ւնն էր, թէ ոչ, ընդհակառակը, վարպետութեան յաւակնութիւն եւ ինքնագիտակցութիւն էր, թէ ան իր այս պատասխանով կը հաստատէր վճռակամութիւնը բոլոր այն մարդոց, որոնք կը հաւատան, որ կեանքի մէջ իրենց լաւագոյն գործը տակաւին չե՛ն տուած ու օր մը պիտի տան: Ես կը տարուէի ընտրել երկրորդը:

Ճիշդ էր, որ մարդը կերակուրի մասին կը խօսէր, բայց ո՞ր նիւթին մասին կարելի չէր արդեօք նոյնը ըսել: Դերասան մը չի՞ մտածեր երբեմն, որ տակաւին առիթը չէ ունեցած խաղալու դերի մը մէջ, ուր պիտի կարենար ցոյց տալ դերասանական իր կարողութիւնները լիակատար կերպով: Գրող մը պարբերաբար չի՞ հաւատար, որ իր բոլոր գրածները լաւ են, բայց անոնցմէ աւելի լաւն ալ կրնայ գրել ու օր մը անպայման պիտի գրէ: Նկարիչ մըն ալ նոյն հոգեվիճակով չի՞ կրնար հաւատալ, որ տակաւին չէ կրցած իրականացնել իր նկարչական արուեստին մեծ երազը եւ օր մը անպայման պիտի իրականացնէ զայն, եթէ պայմանները յարմար ըլլան:

Մարդիկ, հետեւելով Տեքարթի օրինակին, պէտք է ըսեն, որ գոյութիւն ունին, այնքան ատեն որ դեռ կը հաւատան իրենց ուժերուն, դեռ կը հաւատան աւելի լաւը ապրելու ու ստեղծելու իրենց կամքին: Կեանքի մէջ այս հոգեվիճակը այն գլխաւոր ազդակն է, որ մարդը կը տանի դէպի աշխատանք ու ստեղծագործութիւն, զայն կը փրկէ լճացումէ, ծուլութենէ ու անգործութենէ, նաեւ` հոգեբանական անելի մը մէջ բանտարկուած մնալէ: Յաճախ մտածած եմ այս մասին, ուստի պիտի փորձուէի խօսիլ անձնական օրինակներու վրայ հիմնուելով:

Անմիջապէս ըսեմ, որ ես կերակուր եփել չեմ գիտեր: Վստահ եմ, որ շատ պիտի սիրէի կերակուր եփելը, որովհետեւ երբեմն կ՛երազեմ այդ մասին, կը մտածեմ, որ հաւանաբար շատ հաճելի է կերակուր եփելու գործողութիւնը. նոյնիսկ եթէ առիթ գտնեմ, կը դիտեմ, թէ կինս ինչպէս կը պատրաստէ օրուան ճաշը: Ես ալ պիտի սիրէի ճաշ եփել, բայց կինս կողմնակից չէ: Ան բացարձակ մենատիրութիւն հռչակած է խոհանոցէն ներս ու ես հոն կարեւոր ներկայութիւն չունիմ: Ուստի հիմա կրնամ չյաւակնիլ, որ իմ լաւագոյն կերակուրը այն է, որ տակաւին չեմ եփած: Բայց ատոր փոխարէն` յաճախ տխրօրէն կը մտածեմ, որ ես տակաւին իմ լաւագոյն թատերախաղը, իմ լաւագոյն վէպը, իմ լաւագոյն պատմուածքը չեմ գրած: Մինչեւ իսկ մտքիս մէջ ունիմ անոնց պատկերացումները, որքան ալ տարտամ ու անկատար ըլլան անոնք: Երբեք պատահած չէ, որ ես հիանամ իմ հին գործերէս մէկուն վրայ ու մտածեմ, թէ վերջացաւ, ասկէ վերջ այլեւս անկէ աւելի լաւը չեմ կրնար գրել:

Շատեր պիտի չհասկնան թերեւս, որ ասիկա մեծամտութիւն չէ, ասիկա յաւակնոտութիւն կամ ինքնահաւանութիւն չէ: Իսկապէս չէ: Ասիկա սկզբունք մը, կեանքի ուժ մըն է, որ կը մտրակէ մարդուս կամքն ու կարողութիւնները: Ասիկա այն լաւատես տրամադրութիւնն է, որ մարդը կը հրաւիրէ նայելու միշտ դէպի ապագայ, այլ ոչ թէ` դէպի անցեալ: Անցեալը հրաշալի է, բայց հրաշալի է, եթէ տակաւին կ՛ապրի ու կը կապուի ներկային, եթէ կը հարստանայ նոր ապրումներով, իսկ հրաշալի ոչինչ ունի, եթէ մեռած տառ է, եթէ ջրակոյտ մըն է, ուր այլեւս շարժում չկայ: Մարդիկ, այն պահէն սկսեալ, երբ կը գոհանան անցեալով, երբ պաշտամունքի առարկայ կը դարձնեն անցեալի իրագործումները, վերջացած են, անոնք այլեւս ոչինչ պէտք է սպասեն ապագայէն: Եւ արդէն ապագայէն ոչինչ սպասողներն են, որ կը ստիպուին դառնալ դէպի անցեալ եւ պտըտկիլ միայն անցեալին մէջ: Տխուր պատկեր է տեսնել, թէ մէկը այլեւս դրամագլուխ չունի ապագայի համար ու կը սկսի ուտել անցեալի դրամագլուխը:

Գալով ինծի, ես կը հաւատամ, որ տակաւին իմ լաւագոյն վէպը կամ թատերախաղը չեմ գրած: Պիտի գրե՞մ, թէ՞ ոչ, այդ կարեւոր չէ: Կը հաւատամ, որ լաւագոյնը տակաւին ապագային մէջ է եւ ինծի կը սպասէ: Կրնամ փառք տալ Աստուծոյ, որ տակաւին կը հաւատամ, որ լաւագոյնը ապագային մէջ է եւ ինծի կը սպասէ:

Եւ միայն վէպը կամ գրականութիւնը չէ:

Ես դեռ կը հաւատամ, որ օր մը խոհանոց պիտի մտնեմ ու ճաշ ալ պիտի եփեմ: Դեռ բնաւ ճաշ չեմ եփած, ճիշդ է, բայց կը հաւատամ, որ օր մը պիտի սկսիմ եփել ու շուտով ալ պիտի եփեմ իմ ամէնէն համեղ կերակուրը:

 

Share this Article
CATEGORIES