Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Շուրջ Իրան-Թուրքիա Համաձայնութիւն

Լեւենթ Կիւմրիւքճիւ

Լեւենթ Կիւմրիւքճիւ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լեւենթ Կիւմրիւքճիւ յայտնեց, որ «Իրանի հետ երկկողմանի յարաբերութեանց զարգացման շուրջ կատարեալ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի»` նշելով, որ «Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի Սուրիոյ շուրջ կատարած քննարկումները դրական էին»:

«Սուրիոյ տագնապի լուծման եւ այդտեղ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան յանձնառութեան շուրջ կատարեալ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի», ըսաւ ան:

Պատասխանելով Տաւութօղլուի եւ Զարիֆի` Սուրիոյ մէջ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովէն առաջ զինադադարի հաստատման կոչին գործադրութեան ճամբու քարտէսի մը գոյութեան մասին հարցումի մը, Կիւմրիւքճիւ ըսաւ, որ «ոչ տակաւին, սակայն երկու կողմերը աշխատանք պիտի տանին, իւրաքանչիւրը իր սեփական միջնորդներով, սուրիական կողմերը այդ ուղղութեամբ քաջալերելու կարելիութիւնը քննելու համար»:

Նշենք, որ Տաւութօղլու եւ Զարիֆ Թեհրանի մէջ իրենց հանդիպումէն ետք կոչ ուղղեցին Սուրիոյ մէջ զինադադար հաստատելու: Զարիֆ յայտնեց, որ երկու երկիրները համաձայն են, որ Սուրիոյ տագնապը զինուորական լուծում չունի եւ այդ տագնապին առնչակից բոլոր կողմերը պէտք է քաղաքական լուծում մը քաջալերեն` աւելցնելով, որ երկու երկիրները համաձայնած են Սուրիոյ տագնապին լուծման համար գործակցելու:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )