Հայաստանի Դեսպանը Անթիլիասի Մէջ
Հինգշաբթի 28, նոյեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի:
Հանդիպումին ընթացքին վեհափառ հայրապետն ու դեսպան Քոչարեան խօսեցան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուող հարցերու, ինչպէս նաեւ «Հայաստան» հայկական հիմնադրամի մասին, որ այս օրերուն դրամահաւաք կը կատարէ` նշանաբան ունենալով «Դէպի Արցախ, ազգովին կառուցենք Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղին»:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղած էր հայ ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի մասնակցին սոյն դրամահաւաքին:

