Դամասկոս. Ռուսիոյ Դեսպանատունը` Հրթիռարձակումի Թիրախ

Russian-embassyԵրէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ երէկ կէսօրէ ետք Դամասկոսի Ատաուի շրջանին մէջ գտնուող Ռուսիոյ դեսպանատան տարածքը ենթարկուեցաւ հրասանդի հրթիռարձակումի, որուն պատճառով վիրաւորուեցան քանի մը անցորդներ: Դեսպանատան աղբիւրները հաստատեցին, որ ահաբեկչական արարքի պատճառով արձանագրուեցան միայն նիւթական թեթեւ վնասներ:

Մայրաքաղաքը կը մնայ հրասանդի հրթիռարձակումի մղձաւանջին տակ. այդ հրթիռարձակումը թիրախ դարձուց նաեւ Ատաուի, Ամարա, Սալհիէ եւ այլ թաղամասեր` պատճառ դառնալով նիւթական վնասներու:

 

Share this Article
CATEGORIES