ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ներկայացուցչական 43-րդ Ժողովը Ընտրեց Նոր Շրջանային Վարչութիւն

IMG_5688-01

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ներկայացուցչական 43-րդ ժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ ուրբաթ, 22 նոյեմբերի երեկոյեան եւ զանոնք եզրափակեց 27 նոյեմբերին:

Ժողովականներուն ներկայացուեցաւ ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, լուսաբանական հարցումներ ուղղուեցան անոր շուրջ, ապա կատարուեցաւ ըստ էութեան քննարկում:

Ժողովին մասնակից ՀՄԸՄ-ականները նաեւ առաջարկներ ներկայացուցին նորընտիր Շրջանային վարչութեան:

Աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւնը, որուն մաս կը կազմեն.

Հրայր Խաչատուրեան
Թալին Օրտողլեան
Վաչէ Նաճարեան
Վաչէ Ծատուրեան
Րաֆֆի Մումջողլեան
Յովիկ Կէօզիւպէօյիւքեան
Զոհրապ Մարգարեան
Նազօ Հապիպեան
Յարութ Ալաճաճեան

Աւարտին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ շեշտը դրաւ միութենական մարդու բարոյական հասկացողութեան վրայ` հաստատելով, որ ՀՄԸՄ-ը այն դարբնոցն է, ուր կը կերտուի տիպար մարդն ու հայը, օրինակելի ՀՄԸՄ-ականը, որուն պատրաստութեան համար պէտք է ամէն ջանք ի գործ դրուի, որովհետեւ ա՛յդ է միութեան առաքելութեան հիմնական ուղեգիծներէն մին:

Ան շնորհաւորեց նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան` իր գործունէութեան եւ աշխատանքին համար:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ
43-ՐԴ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ

Share this Article
CATEGORIES