Լիբանանահայ Բժիշկներու Միութիւն. Դասախօսութիւն` Արեան Գերճնշումի Դարմանումին Մասին

Paul-DeliferianԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան վարչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 28 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, միութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն արեան գերճնշումի մասին` «ESC- Guidlines for the management of arterial hypertension» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր սրտաբան տոքթ. Փոլ Տելիֆերեան:

Միութեան վարչութեան ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց օրուան բանախօսը եւ հրաւիրեց զինք խօսելու իր նիւթին մասին:

Տոքթ. Փոլ Տելիֆերեան նկատել տուաւ, որ արեան գերճնշում ունեցող հիւանդը բուժելու ժամանակ պէտք է նախ չափել անոր արեան գերճնշումը, ապա գիտնալ, եթէ այլ հիւանդութենէ կը տառապի, ինչպէս շաքարախտ, սրտային հիւանդութիւններ, եւ այս բոլորը ուսումնասիրելէ ետք կրնանք ճշդել, թէ դեղահատ պիտի տա՞նք, թէ՞ ոչ: Ան նաեւ բացատրեց, որ հիւանդներուն երկու երրորդը քանի մը տեսակ դեղեր կը գործածեն իրենց հիւանդութիւնը բուժելու համար, եւ այս երեւոյթը դիմագրաւելու համար ներկայիս շուկային մէջ ունինք դեղահատեր, որոնց բաղադրութիւնը քանի մը տեսակ դեղերէ բաղկացած է: Հետեւաբար, հիւանդը քանի մը դեղահատ գործածելու փոխարէն կը գործածէ մէկ դեղահատ, որ կը դարմանէ իր քանի մը տեսակ հիւանդութիւնները: Այսինքն` հիւանդին համար աւելի դիւրին է մէկ դեղ օգտագործել, քան քանի մը տեսակ դեղ, եւ այդ դեղին հակազդեցութիւնը շատ քիչ կ՛ըլլայ:

Ան յայտնեց, որ արեան գերճնշումը պէտք է ըլլայ 14/9-էն ցած, իսկ շաքարախտէ տառապողներու պարագային 14/8.5 պէտք է ըլլայ: Ան նկատել տուաւ, որ մեքենայ մը կայ, որ 24 ժամի վրայ կը չափէ արեան գերճնշումը, եւ պէտք է զայն գործածել, որպէսզի հիւանդը միշտ հսկողութեան տակ պահուի եւ լաւ հսկողութիւն կատարուի անոր արեան գերճնշումի ելեւէջին:

Share this Article
CATEGORIES