Վիլնիուսի Վեհաժողով. Վրաստան Եւ Մոլտաւիա Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրի Թեքնիք Նախաստորագրումը Կատարեցին
Երէկ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ ընթացք առած վեհաժողովի պաշտօնական մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ քաղաքական առաջին եւ գլխաւոր հարցը դարձաւ վեհաժողովի նախօրեակին Ուքրանիոյ դիրքորոշման անսպասելի փոփոխութիւնը` աւելցնելով, որ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի ապագան չի կրնար եւ պէտք չէ ատոր զոհ երթայ:
Ժողովի նախօրեակին Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած էր այն տեղեկութիւնները, թէ Վիլնիուսի մէջ հակառուսական հռչակագիր մը պիտի որդեգրուի: ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ հաղորդած էր, որ լիթուանական կողմը պատրաստած է հակառուսական հռչակագիր մը, որուն մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն կ՛առաջարկէ դատապարտել Ռուսիոյ կողմէ իր դրացի երկիրներուն դէմ գաղութատիրական ճնշումները, ինչպէս նաեւ` աջակցութիւն յայտնել դէպի Եւրոպա ձգտող Ուքրանիոյ ժողովուրդին:
Վիլնիուսէն հաղորդում կատարող վրացական պատկերասփիւռի կայանները յայտնեցին, որ Վիլնիուսի մէջ տեղի ունեցած է Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի թեքնիք նախաստորագրումը: Վրացական կողմէն նախաստորագրումը կատարած է արտաքին գործոց առաջին փոխնախարար Տաւիտ Զալքալիանին, որ վերջին երեք տարիներուն գլխաւորած է Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններուն մէջ երկրի պատուիրակութիւնը:
Հազար էջէ բաղկացած համաձայնագիրի թեքնիք նախաստորագրումը սկսելէ առաջ Զալքալիանին վրացի լրագրողներուն ըսած է, որ այդ փաստաթուղթի նախաստորագրումը «Վրաստանի համար պատմական իրադարձութիւն է»:
«Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի նախաստորագրման մասին խորհրդանշական գործողութիւնը» այսօր պիտի ստորագրեն երկրի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ եւ Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Քեթրին Էշթըն:
Ստորագրման նախօրեակին Փանճիքիծէ յայտարարած է, որ համաձայնագիրը կը նախատեսէ «Եւրոպական Միութեան հետ Վրաստանի քաղաքական համարկում, փուլային տնտեսական համարկում եւ անդառնալի կը դարձնէ Վրաստանի եւրոպականացման հոլովոյթը»:
Ըստ նախարարին, տուեալ համաձայնագիրով Վրաստանի վրայ դրուող պարտաւորութիւններուն համաձայն, երկիրը «պէտք է համապատասխանեցնէ իր օրէնսդրական դաշտը Եւրոպական Միութեան օրէնսդրութեան, ինչպէս նաեւ ուժեղացնէ համապատասխան կառոյցները»:
Ըստ Եւրոպական Միութեան եւ Վրաստանի ներկայացուցիչներուն, համաձայնագիրի ստորագրումը կը սպասուի մինչեւ 2014-ի սեպտեմբեր:
Աւելի ուշ Մոլտաւիան եւս համաձայնագիրի թեքնիք նախաստորագրումը կատարեց: Մոլտաւական կողմէն աւելի քան 900 էջերէ բաղկացած փաստաթուղթի իւրաքանչիւր էջ ստորագրած է արտաքին գործոց եւ եւրոպական համարկման նախարար Նաթալիա Կերման: Մոլտաւիոյ տնտեսութեան փոխնախարար Օքթաւիա Քալմիք նախաստորագրած է համաձայնագիրին այն մասը, որ կը վերաբերի Մոլտաւիոյ` Եւրոպական Միութեան ազատ առեւտուրի գօտի մտնելուն: Այսօր պաշտօնական նախաստորագրման արարողութեան ընթացքին փաստաթուղթին տակ իրենց ստորագրութիւնը պիտի դնեն Մոլտաւիոյ վարչապետ Եուրի Լիանքէ եւ Քեթրին Էշթըն:
Rosblat.ru կայքէջը կը գրէ, որ Ռուսիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Վիկաուտաս Ուշացքաս յայտարարած է, որ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները վերջին շրջանին բարդացած են, սակայն կ՛ուզեն աշխուժացնել Մոսկուայի հետ ռազմավարական երկխօսութիւնը:
«Զիս կը տխրեցնէ երկու գործընկերներու միջեւ նման տարակարծութիւնը: Ես վստահ եմ, որ մենք աւելի ընդհանուր բան ունինք, քան այն, ինչ որ մեզ կը բաժնէ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութեան մէջ «ուշադրութիւն դարձուցած են այն ճնշումին, որուն ենթարկուած է Քիեւը, եւ այն զգուշացումներուն եւ սպառնալիքներուն, որոնք հնչած են անոր հասցէին»:
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման քաղաքականութեան ու դրացնութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ Ուքրանիոյ կառավարութեան նշած 160 միլիառ եւրոյի փոխհատուցման գումարը, որ անհրաժեշտ է Եւրոպական Միութեան չափանիշերուն երկրին համապատասխանեցման համար, չափազանցուած նկատած է: «Այդ թիւը վստահութիւն չի ներշնչեր: Նոյնիսկ եթէ այդ թիւը երկարաձգենք անցումային շրջանի 10 տարիներու համար, ապա ատիկա Ուքրանիոյ տարեկան համընդհանուր ներքին արտադրութեան 10 առ հարիւրն է: Իսկ ատիկա խորապէս կը հակասէ Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն փորձառութեան», ըսած է ան:

