Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Lebanon_report-2ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որ ընդգծեց «Պաապտայի յայտարարութեան» յանձնառու մնալու եւ չէզոք քաղաքականութեան հետեւելու անհրաժեշտութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Իրան կատարած այցելութիւնը բոլոր չափանիշներով յաջող կը նկատուի: Հաշեմ աւելցուց, որ յաջորդ հանգրուանին առումով Պըրրի բաւական լաւատես է:

ԸՍՏ անպաշտօն տեղեկութիւններու, Ահմետ Ասիր կը գտնուի Քալամունի մէջ, իսկ Ֆատըլ Շաքեր` Այն Հելուէ գաղթակայանին:

ԿԸ նախատեսուի, որ եռեակ հանդիպում մը տեղի ունենայ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի եւ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի միջեւ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը արդեօք Թեհրա՞ն պիտի այցելէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտի համաձայն, Քայիտան Լիբանանի մէջ 2000-էն ի վեր գոյութիւն ունի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ այցելեց Պքերքէ, ուր Ռայի պատրիարքին հետ քննարկեց հանրապետութեան նախագահութեան թղթածրարը:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն հանդիպելէ ետք Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի յայտնեց, որ Ժեմայէլի կարծիքով, իրանեան դիւանագիտութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն կ՛ունենայ «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովին յաջողութեան իմաստով:

ՍԱՅՏԱՅԻ Քուտս մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ յայտնեց, որ ինք տեղեկութիւններ ունի անձի մը մասին, որ Քայիտայի անդամ անձնասպանական գործողութեան հեղինակներ զինուորագրած է: Շէյխ Համմուտ յայտնեց, որ այդ անձը պաղեստինեան գաղթակայանէ մը չէ եւ փնտռուած է նաեւ լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES