Մաքսատան Ուժերու Պատասխանատուն Եւ Անդամները Կը Հարցաքննուին Եւ Ազատ Կ՛արձակուին
«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի «Թահթա Թայիլաթ ալ մասուլիյա» յայտագիրին անձնակազմը խոշտանգած մաքսատան ուժերու անդամներ եւ անոնց պատասխանատուն` Իպրահիմ Շամսէտտին երէկ Պէյրութի Արդարութեան պալատին մէջ հարցաքննութեան ենթարկուեցան:
Չորսուկէս ժամուան հարցաքննութենէն ետք անոնք մեկնեցան Արդարութեան պալատէն, վճարելով երաշխաւորագին մը:
Այսօր Շամսէտտին եւ «Ժատիտ»-ի լրագրող Ռիատ Քպայսի դէմ յանդիման հանդիպում պիտի ունենան Արդարութեան պալատին մէջ:
Նշենք, որ մաքսատան վարչութեան անձնակազմի անդամներ, ինչպէս նաեւ մաքսատան պաշտօնեաներ երէկ Արդարութեան պալատին դիմաց զօրակցութիւն յայտնեցին Շամսէտտինի եւ մաքսատան ուժերուն:
Պէյրութի Արդարութեան պալատին առջեւ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրուեցան ապահովութեան ուժերուն կողմէ` կանխարգիլելու համար զօրակցող պաշտօնեաներուն եւ լրագրողներուն միջեւ հաւանական որեւէ բախում:

