Պէյրութի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանատան Դէմ Յարձակելու Սպառնալիքներ

Saudi EmbassyԵրէկ կէսօրին շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, թէ Քրայթեմի մէջ գտնուող «Քոլեճ Փրոթեսթանթ»-ը պարպուած է իր  աշակերտներէն` ընդառաջելով ստացուած սպառնական հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը, որուն մէջ հաստատուած է, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դէմ յարձակում մը պիտի գործուի:

Սփռուած լուրէն քիչ ետք «Քոլեճ Փրոթեսթանթ» դպրոցի տնօրէնութիւնը հերքեց իր աշակերտութիւնը պարպելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը:

Նշենք, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովական ուժերը փութացին տուեալ շրջանը եւ կատարեցին իրենց հետախուզութիւնը` բացայայտելու համար ական մը, ռումբ մը կամ պայթուցիկ նիւթեր, որոնցմէ ոչինչ գտնուեցաւ:

Այն Հելուէ

Երէկ կէս գիշերին պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ` Ֆաթհի եւ Ապտալլա Ազզամ փաղանգի պատասխանատուներէն Հայթամ Շաապիի զօրակցող զինեալներուն միջեւ:

Share this Article
CATEGORIES