Լիբանանեան Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարան
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Իրան կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ, լիբանանեան խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը այցելեց Թեհրանի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Ղազի Զաայթեր եւ Քասեմ Հաշեմ:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի եւ Թեհրանի հայոց թեմի խորհուրդի ատենապետ Էդուարդ Բաբախանեանի ու անձնակազմին կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին առաջնորդ սրբազանը արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Թեհրան եւ մասնաւորաբար Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդարան այցելող լիբանանեան որեւէ պատուիրակութիւն ողջունելի է, եւ անիկա ցուցանիշ է երկու երկիրներուն միջեւ հեզասահ յարաբերութիւններուն եւ հայութեան դերակատարութեան, թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ իրանեան կեանքին մէջ:
Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր ողջոյնները յղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Լիբանանեան պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ, որ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ լիբանանահայութեան դերակատարութեան եւ լիբանանեան-իրանեան սերտ յարաբերութիւններուն:
Հանդիպումին ընթացքին ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ Էդուարդ Բաբախանեան: Ան շեշտեց երկկողմանի բարի դրացիական յարաբերութիւններուն եւ երկու երկիրներուն մէջ հայկական համայնքներուն աշխուժ դերակատարութեան կարեւորութիւնը:
Է. Բաբախանեան մաղթեց, որ շրջանին մէջ տիրէ խաղաղութիւն, եւ ժողովուրդները ապրին խաղաղ կեանքով:
Հանդիպումին ընթացքին «Ալիք» հաստատութեան անունով խօսք առաւ Թովմաս Թովմասեան: Ան անդրադարձաւ Իրան-Լիբանան բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ Իրանի ու Լիբանանի հայկական համայնքներուն ներկայութեան եւ դերակատարութեան:
Թ. Թովմասեան յաջողութիւն մաղթեց պատուիրակութեան` անոր ստանձնած առաքելութիւնը իրականացնելու առումով:

