Արտաքին Հարցերու Եւ Տեղեկատուութեան Խորհրդարանական Յանձնախումբերու Միացեալ Նիստ

Խորհրդարանական նիստէն պահ մը

Խորհրդարանական նիստէն պահ մը

Արտաքին հարցերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն, ներկայութեամբ տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայի, երէկ նախագահեց երկու յանձնախումբերուն միացեալ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան գաղտնալսումի եւ լրտեսումի թղթածրարը:

Նիստին ներկայ գտնուեցան 27 դեսպաններ եւ դիւանագիտական անձնակազմի անդամներ, որոնց շարքին` Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն դեսպանները (բացի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլէն), Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններն ու հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու անդամ երկիրներուն դեսպանները, ինչպէս նաեւ` վերոնշեալ երկու յանձնախումբերուն անդամները, որոնց շարքին նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Նիստին ընթացքին ներկայացուեցան իսրայէլեան լրտեսումի վտանգները` նկատի ունենալով, որ բոլոր հաղորդակցութիւնները կը գտնուին Իսրայէլի տրամադրութեան տակ:

Նիստէն ետք երեսփոխան Ֆատլալլա հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ բոլոր հաղորդակցութիւնները, համացանցի գործածութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ դեսպանատուներուն աշխատանքը ենթակայ են իսրայէլեան լրտեսումին:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան այս իմաստով լուռ պիտի չմնայ` աւելցնելով, որ Լիբանան ունի բազմաթիւ կարողութիւններ:

Պատասխանելով Հէյլի բացակայութեան ակնարկող հարցումի մը` Ֆատլալլա նշեց, որ թերեւս ան կարիքը չունի այդ տեղեկութիւններուն, որովհետեւ ինք այս բոլորէն շատ աւելի տեղեկութիւններ ունի:

 

Share this Article
CATEGORIES