Թրիփոլիի Քաղաքապետարանի Չորս Ալեւի Պաշտօնեաներ` Կրակոցի Թիրախ
Թրիփոլիի քաղաքապետարանի չորս ալեւի պաշտօնեաներ երէկ զինեալներու կողմէ կրակոցի թիրախ դարձան:
Սայիտ Իսա, Մոհամետ Սալեհ, Ուիսամ Ֆարես եւ Հայտար Սութօ, որոնք կ՛ուղղուէին դէպի իրենց բնակարանները, կրակոցի թիրախ դարձան պարզապէս այն պատճառով, որ անոնք ալեւի էին եւ Ժապալ Մըհսենի բնակիչներէն:
Զինեալ խմբաւորում մը, որ ինքզինք կը կոչէ «Թրիփոլիի մզկիթները պայթեցնող ոճրագործներուն դէմ վրէժխնդրութիւն կատարող խմբակ», ստանձնեց գործողութիւնը եւ շեշտեց, որ պիտի շարունակէ իր այս ընթացքը, այնքան ատեն որ լիբանանեան պետութիւնը կ՛անտեսէ իրենց թղթածրարին հետապնդումը:
Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը Մուսթաքպալի պատասխանատուներէն զօր. Համմուտը եւ Աշրաֆ Ռիֆին պատասխանատու նկատեց այս գործողութեան եւ շեշտեց, որ որոշ կողմեր այս պատասխանատուներուն կը փոխանցեն ալեւի ինքնութիւն ունեցող քաղաքայիններուն անունները եւ զանոնք թիրախ կը դարձնեն նման քստմնելի արարքներու:
Այս միջադէպին պատճառով Սուրիա փողոցին մէջ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ, երբ Պապ Թըպպանէի շրջաններուն մէջ բարձրացան Ժապհաթ Նուսրա եւ ՏԱՀԵՇ կազմակերպութիւններու դրօշակներ, իսկ Ժապալ Մըհսենի մէջ բարձրացան Հըզպալլայի եւ Սուրիոյ դրօշակներ:
Բանակը տեղւոյն վրայ կրցաւ հակակշիռի տակ առնել կացութիւնը, հակառակ անոր որ բանակին շարքերուն մէջ արձանագրուեցան վիրաւորներ: