Պաղեստինեան Իշխանութեան Վարչապետ Ռամի Համատալլա Այցելեց Լիբանան

sleiman_hamdallaՀանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Ռամի Համատալլան, որ նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի ողջոյնները եւ հաստատեց, որ պաղեստինցի գաղթականները կառչած կը մնան լիբանանեան սահմանադրութեան, կարգ ու կանոնին, իսկ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ կամ անոնցմէ դուրս օրինազանցութիւն գործող ոեւէ պաղեստինցի գաղթական պատասխանատու է իր գործած արարքին, որուն հետ պաղեստինցիները ոչ մէկ ձեւով կ՛առնչուին:

Համատալլա նախագահ Սլէյմանի ներկայացուց Պաղեստինեան իշխանութեան եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն ընթացքը` նշելով, որ ներկայիս անոնք սառած են` Իսրայէլի բանեցուցած ճնշումներուն եւ բնակեցման վայրերու կառուցման քաղաքականութեան պատճառով:

mikati_palestinianՀամատալլա շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի` Լիբանանի մէջ Սուրիայէն գաղթած պաղեստինցիները հիւրընկալելու առիթով:

Համատալլա այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ընթացիկ կառավարութեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ լիբանանեան իրավիճակը:

Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Միքաթի կոչ ուղղեց Համատալլայի պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ արձանագրուած խուլիկանութիւնները զսպելու` աւելցնելով, որ Պէյրութի համար պատիւ է պաղեստինցի գաղթականներու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը:

Իր կարգին, Համատալլա շեշտեց, որ պաղեստինեան գաղթակայանները կ՛ենթարկուին լիբանանեան գերիշխանութեան` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է Եւրոպայի եւ մեծ պետութիւններուն հետ գործակցիլ` պաղեստինցի գաղթականներուն իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով:

Նշենք, որ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ իր կարգին ընդունեց Համատալլան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES