Բրիտանիա Կը Խրախուսէ Սարգսեանն Ու Ալիեւը Շարունակելու Վիեննայի Մէջ Սկսած Հոլովոյթը

Տէյվիտ Լիտինկթըն
Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ Բրիտանիոյ Եւրոպայի հարցերով նախարար Տէյվիտ Լիտինկթըն ողջունած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու` 19 նոյեմբերին Վիեննայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ կայացած հանդիպումը:
Նախարարը մասնաւորաբար ըսած է.«Ես կ՛ողջունեմ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի եւ Հայաստանի նախագահ Սարգսեանի միջեւ 19 նոյեմբերին Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպումը: Այս հանդիպումը, որ կը համակարգուէր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ եւ առաջինն էր 2012-ի յունուարէն ետք, դրական քայլ է` վերսկսելու պարբերական եւ բովանդակային քննարկումներ երկու ղեկավարներուն միջեւ:
«Մենք կը խրախուսենք երկու նախագահները շարունակելու Վիեննայի մէջ սկսած հոլովոյթը եւ աշխուժօրէն աշխատելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ եւ երկարաժամկէտ լուծում տալու համար»:

