Ռումանիոյ Մէջ Հայ Դատի Յանձնախումբի Կազմութիւն

SAM_033823 նոյեմբեր 2013-ին, Ռումանիոյ առաջնորդարանի սրահին մէջ, թեմակալ առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան-Մուրատեանի պատուոյ նախագահութեամբ եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի ներկայութեամբ, կազմուեցաւ Ռումանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը: Ներկայ էր նաեւ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Իրինա Մանուկեանը:

Նիստի սկիզբը առաջնորդ սրբազան հայրը շեշտեց մեր ազգային հիմնահարցերուն համար պայքարող նուիրեալ անձերու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ մէջ Հայ դատի յանձնախումբի մը գոյութեան կարեւորութիւնն ու իմաստը: Ան յայտնեց իր անվերապահ աջակցութիւնն ու յանձնախումբին կողքին ըլլալու իր պատրաստակամութիւնը, երբ որ կարիքը զգացուի:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ այս օրերուն Հայ դատի յանձնախումբերու ցանցին կարեւոր նոր մասնիկ մը եւս կը միանայ: Գասպար Կարապետեան հանգամանօրէն ներկայացուց այժմու մեր ազգային հիմնահարցերուն էութիւնն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ մեր կողմէ կատարուելիք աշխատանքներուն առաջնահերթութիւններն ու կիրարկուող մարտավարութիւնը: Ան նաեւ անդրադարձաւ Եւրոպական խորհրդարանին եւ այլ համաեւրոպական կազմակերպութիւններու մէջ Ռումանիոյ ներկայութեան` տալով որոշ բացատրութիւններ մեր հարցերուն նկատմամբ այդ կառոյցներուն գործունէութեան եւ դիրքաւորումներուն մասին:

Ապա, կարծիքներու փոխանակումէ ետք, կատարուեցաւ կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ նախնական ծրագրում մը, որ իր ժամանակին պիտի դառնայ հանրութեան սեփականութիւնը:

Ռումանիոյ նորաստեղծ Հայ դատի յանձնախումբը, իր ծրագրումներով եւ գործունէութեամբ, պիտի ջանայ ա՛լ աւելի հաղորդ դարձնել բարեկամ եւ հիւրընկալ Ռումանիոյ հանրային կարծիքն ու քաղաքական ղեկավարութիւնը մեր հիմնահարցերուն եւ մեր ժողովուրդի արդար պահանջներուն շուրջ: Յանձնախումբը նաեւ պիտի ջանայ սերտ յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ գաղութի գործօններուն հետ` արժանավայել կերպով հետապնդելու համար մեր հարցերուն հոլովոյթը: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ պիտի հանդիսանայ հայ երիտասարդութեան մօտ դաստիարակչական աշխատանքի կիրարկումը, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր կողքին ունենալ հայկական հարցերուն տիրապետող պայքարունակ երիտասարդութիւն:

Ռումանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կ’ողջունէ բոլոր հայագաղութներուն մէջ գործող յանձնախումբերը` հաւատալով, որ ինք ալ դառնալով այդ ազգանուէր մեծ ցանցին մէկ մասնիկը` իր ներդրումը պիտի ունենայ միասնական աշխատանքներուն յաջող իրագործման մէջ:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը իր կարգին պիտի ընձեռէ կարելի բոլոր միջոցներն ու աջակցութիւնը թէ՛ Հայ դատի յանձնախումբի կայացման եւ հզօրացման աշխատանքներուն, եւ թէ՛ ուր որ անհրաժեշտ է` քաղաքական իր նախաձեռնութիւններուն:

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

25 նոյեմբեր, 2013

Share this Article
CATEGORIES