92.000 Ամերիկեան Տոլար` Ի Նպաստ Վարդենիս-Մարտակերտ Մայրուղիի Կառուցման
Հաղորդագրութիւն
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր տարեկան դրամահաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերած բոլոր նուիրատու անհատներուն, հաստատութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք այս տարի եւս ընդառաջեցին հիմնադրամի կոչին:
Արդարեւ, անցնող շաբթուան ընթացքին լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ կատարուած դրամահաւաքին եւ հինգշաբթի, 28 նոյեմբերին կազմակերպուած Ռատիոթոնի աւարտին, համայն լիբանանահայութեան միացեալ ջանքերով կարելի եղաւ հաւաքել 92.000 ամերիկեան տոլար` ի նպաստ «Դէպի Արցախ» կարգախօսով իրականացուելիք Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման ծրագիրին: Վարձքը կատա՛ր բոլորին:
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ
28 նոյեմբեր, 2013

