Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Աշխատանքը կարեւոր է, բայց հարկ է զայն դասաւորել օրուան ժամերուն համաձայն: Յոգնութենէն ետք պահ մը տրամադրեցէք հանգստանալու:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ կը նկատէք, թէ ձեր մարմնին բարեձեւութիւնը կորսնցուցած էք, մարզանք ըրէք: Յաճախ այս կը յանձնարարուի ձեզի, բայց կը մոռնաք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Անցեալի ձեր փորձառութենէն կրնաք օգտուիլ բարելաւելու համար ներկայի ձեր ծրագիրները: Իմաստութեամբ շարժիլը լաւագոյն արարքն է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ տեղ մը պիտի երթաք ձեր կառքով, անհոգ եղէք, լաւ պիտի ընթանայ ամէն ինչ, բայց մի՛ մոռնաք նոյն ատեն տեղ-տեղ հանգչելու:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի ունենաք նոր եկամուտ մը, որ չէիք ակնկալեր: Օրը նկատեցէք յաջող` նիւթական եւ բարոյական իմաստով: Ուրախ մնացէք եւ լաւատես:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր գործակիցները կամ ձեր շուրջինները պիտի հաստատեն, թէ ունիք մասնայատուկ հրապոյր մը: Ձեր այս շնորհը պիտի գնահատուի նիւթապէս:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մեծ մարտահրաւէր մը կամ դժուարութիւն մը պիտի յաղթահարէք քաջութեամբ: Այսուհանդերձ, դաս մը քաղեցէք այս փորձառութենէն: Կ՛օգտուիք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նոր բարեկամութիւն մը կրնաք ունենալ ընկերային ձեր կեանքին մէջ, բայց մնացէք վերապահ, մինչեւ որ ծանօթութիւնը բիւրեղանայ: Իմաստուն եղէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պէտք է ունենաք յստակ տեսիլք եւ տրամաբանական ծրագիր: Շարժեցէք ըստ ձեր կարողութեան: Չափաւորութիւնը յարգեցէք, կարեւոր է:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Գիրք մը շատ պիտի տպաւորէ ձեզ դրական իմաստով: Կրնաք նոր ուղղութեան մը հետեւիլ ձեր քաղած դասէն ետք: Օրը ունի յաջող ընթացք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դրամատնային ժամադրութիւն մը ունիք, յարգեցէք, պիտի կարենաք բարելաւել ձեր նիւթական կացութիւնը: Այս իրողութիւնը պիտի թեթեւցնէ ձեր նիւթական հոգերը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ընկերային կեանքի մէջ ձեզ հրաւիրեն մասնակցելու միութենական աշխատանքի մը, նախընտրեցէք չէզոք բաժանմունքի մը մաս կազմել:

Share this Article
CATEGORIES