50 Տարի Առաջ (30 Նոյեմբեր 1963)
«Նաւը Լերան Վրայ»
Մեր ձեռքին տակ ունինք Հայպետհրատի լոյս ընծայած «Նաւը լերան վրայ» վէպին Պէյրութ հասած առաջին օրինակներէն մէկը: 12 հազար տպաքանակով հրապարակ հանուած այս նոր հրատարակութիւնը կը բաղկանայ 543 էջերէ եւ ունի «Մարքսիստական աբեղայ»-ի դեր կատարող գլխագիր ոչնչութեան (Հր. Գրիգորեան) մը ստորագրութիւնը կրող 22 էջնոց մանրատառ յառաջաբան մը:
«Նաւը լերան վրայ» վէպին հրատարակութեան յանձնուած ըլլալու լուրը մի քանի ամիս առաջ Հայաստանէն արտասահման հասած էր, եւ այդ մասին «Սովետական Հայաստան»-ի օգոստոսի համարին (1963) մէջ, նոյն մարդը` «մարքսիստական աբեղան», իրեն յատուկ ճապաղութեամբ, քանի մը սիւնակի վրայ ճապաղած էր: Իր կատարած մէջբերումներէն ընթերցողը իմացած էր նոյնպէս վէպին նոր հրատարակութեան մէջ Կ. Զարեանի սարքած անտեղի ու անպիտան յարդարանքները: Միեւնոյն աղբիւրէն իմացած էինք նոյնպէս, որ պատմական ուղղումներ կատարած է Զարեան ու մաքրաջրած իր «վէպի որոշ տեղերը»: Այս «որոշ տեղերը» անորոշ չեն ձգուած. յառաջաբանին մէջ տրուած է անոնց ստոյգ անունները: Խնդիրը կը վերաբերի Սարդարապատի ճակատամարտին եւ «Մայիսեան բանուորագիւղացիական ապստամբութեան»: Այս հարցերն է, որ կը ճշդէ եւ կը մաքրաջրէ Զարեան` վէպին առաջին հրատարակութեան մէջ անոնց մասին յայտնած կարծիքներն ու տրամադրութիւնները գլխիվայր շրջելով երկրորդին հրատարակութեան (Հայաստան) մէջ:
Նիւթ ունենալով այս ուղղումներն ու մաքրաջրումները եւ նայելով միայն «Սովետական Հայաստան»-ի վերոյիշեալ թիւին, մենք «Բագին» ամսաթերթին մէջ (թիւ 11) քանի մը էջով անդրադարձած էինք ազատ պայմաններու տակ եւ հասուն տարիքի մը մէջ ստորագրուած վէպի մը առիթով կատարուած գրական այդ նուաստ արարքին:
Արդ, Հայաստան հրատարակուածը (1963) արտասահման (1943) հրատարակուածին հետ հարեւանցիօրէն բաղդատելով` գտանք, որ «մաքրաջրում» կոչուած այդ ապաբարոյ խնդրին ծանրակշիռ հանգամանքը կ՛անցնի մեր երեւակայութեան սահմանը` չտեսնուած փոքրոգութեան մը ականատես դարձնելով հայ մարդը:
Արտադրենք անմիջապէս հատուած մը առաջին հրատարակութենէն (Պոսթըն) եւ բանանք երկրորդ (Հայաստան) հրատարակութեան նոյն էջը, որպէսզի ընթերցողը դիւրութեամբ ըմբռնէ, թէ ի՛նչ ձեւով եւ ի՛նչ չափով Կ. Զարեան կը մաքրաջրէ իր գործերը եւ ի՛նչ պատճառներով կը ստիպէ, որ ընդվզինք իր դէմ.-
– Ինչ որ էլ լինի, ռուսները պիտի գան: Արդէն հասել են Սեւան:
– Ռուսները չեն, այլ բոլշեւիկներն են:
– Ի՞նչ տարբերութիւն կայ…
– Կայ, Բանդունի, կայ: Անշուշտ, նոյն ռուս մեծապետականութիւնն է, որ տարածուելու համար պէտք ունի սնուելու ուրիշի մարմիններով… Մի տեսակ գազանային ախորժակ, որ երբեք հանգիստ չի առնում… Սակայն ցարական Ռուսաստանի եւ այսօրուայ Ռուսաստանի միթոսները տարբեր են: Ցարական տիրապետութեան պատճառները, այդպէս ասած, բնազանցական էին. բիրտ ուժ, ձուլում, բռնատիրութիւն: Մեծամասնականներինը տարբեր է` ռոբինսոնեան: Այսօրուայ Ռուսաստանը քաոս է, եւ որովհետեւ նա այդ գիտակցում է, ճիգ է անում այդ քաոսը կազմակերպել: Այդ պատճառով էլ հարբած է տնտեսականով: Հարբած է հողով, իրերով, տարրական առարկաներով… Կեանքը իր մօտից վազում, փախչում է, իսկ նա ուզում է նրան շղթայել. ուզում է կապել իրերին, մշակուած հողին, խոհանոցում վազող տաք ջրի ծորակին, օճառի կտորին եւ, ինչպէս գերագոյն իտէալ, ամերիկեան ածելիին… Եւ, ի հարկէ, մի քիչ չափազանցում եմ, բայց դա այդպէս է…
– Չե՛մ հասկանում, այդ նպատակին հասնելու համար ինչի՞ է ուզում, որ մենք էլ իր հետը լինենք…
– Դա էլ մի ուրիշ խնդիր է, Բանդունի: Այդ ձգտումը գալիս է Պետրոս Մեծի ժամանակից: Ռուսը վախում է մենակ մնալուց. նա ինքն իրենից փախչող ժողովուրդ է… Ալեկոծուած ծով, որ իր ափերը չի գտնում… Ամենահակասական ժողովուրդը, որ կարելի է երեւակայել… Ո՞վ գիտէ` ինչ է պատճառը, երեւի իր ստեպները` միօրինակ, տխուր, անվերջանալի: Փնտռում է իրանից տարբերը` արեւը, լեռը, փարթամ կանաչութիւնը… Նկատեցէք նաեւ, ռուսի երեւակայութիւնը թատերական է. երեւակայում է եւ հաւատում է այդ երեւակայութեան… Երէկ բազուկները գետինն էր զարնում, վիրաւորուած գազանի նման մռնչում` յանուն բարձր արժէքների, իսկ այսօր շուրջը ամէն ինչ փշրում է, կատաղած աջ ու ձախ նետւում` յանուն նիւթական արժէքների: Երրորդական մի մտածող, Մարքսը, նրա երեւակայութեան մէջ մեծացել է, դարձել միակ անժխտելի ճշմարտութեան առաքեալը եւ հոգին ու հոգեկան անիծեալ հարցերը այլեւս նետուած են աղտապնակի մէջ…»:
Մեր արտադրած այս հատուածը Պոսթըն հրատարակուած «Նաւը լերան վրայ» (էջ 440) վէպին 35 տողը կը բռնէ: Շարունակութեան մէջ կայ տակաւին 45 տող եւս: Այս երկուքին գումարը` 80 տող, մաքրաջրուած «նաւ»-ուն վրայ ձեւափոխուած է հիմնովին եւ ամբողջութիւնը վերածուած է 20 տողնոց սա ընդարձակ տափակութեան, աճպարարութեան, չարաշահութեան, ո՛ր մէկը որ կ՛ուզէք.-
– Ինչ էլ լինի… ռուսները կը գան: Արդէն հասել են Սեւան:
– Ռուսները չեն, այլ բոլշեւիկներն են…:
– Ի՞նչ տարբերութիւն կայ…
– Կայ, Բանդունի, կայ: Եկողները, նախ, մեծամասնական հայեր են, օգնական զօրքն է միայն ռուսական, երկրորդ, ցարական Ռուսաստանի եւ այսօրուայ Ռուսաստանի միթոսները տարբեր են: Ցարական տիրապետութեան պատճառները, այդպէս ասաց, բնազանցական էին, բիրտ ուժ, ձուլում, բռնապետութիւն: Մեծամասնականներինը տարբեր է: Այսօր Ռուսաստանը քաոս է, որովհետեւ այնտեղ քանդւում է այն ամէնը, ինչ հնից էր գալիս, եւ ստեղծւում է նորը, ճիգ է արւում այդ քաոսը կազմակերպել:
– Չե՛մ հասկանում, ինչի՞ է ուզում, որ մենք հետը լինենք…
– Դա էլ մի ուրիշ խնդիր է, Բանդունի: Ռուսը չի սիրում մենակ մնալ, նա սիրում է եղբայրութիւնը: Ինչ է պատճառը, երեւի ստեպները` միօրինակ տխուր, անվերջանալի: Փնտռում է իրանից տարբերը` արեւը, լեռը, փարթամ կանաչութիւնը…
(Անդ, էջ` 459)
Մաքրաջրուած հատուածներէն մէկը այս է, եւ ի՜նչ մաքրաջրում:
Մենք բնաւ միտք չունինք կարեւոր կէտերուն վրայ դանդաղելու:
«Ռուս մեծապետականութիւն»-ը (Ա. հրատարակութիւն) եւ «մեծամասնական հայեր»-ը քով քովի դնելու կամ իրարմէ ունեցած հեռաւորութիւնները ճշդելու միտք չունինք:
«Ռուսը վախում է մենակ մնալուց. նա ինքն իրենից փախչող ժողովուրդ է» գրագէտի թէկուզ քմայքոտ հաստատումը չենք ուզեր բաղդատել իր տեղը բռնած եւ համայնավար այժմու աբեղաները յիշեցնող «նա սիրում է եղբայրութիւնը» ըսող շահախնդիր մարդու լիրբ դիտումին հետ:
Պիտի չփնտռենք նոյնիսկ «երրորդական մի մտածող, Մարքսը», որ առաջին հրատարակութեան մէջ երրորդական մտածող հռչակուած ըլլալուն համար փախած է երկրորդ հրատարակութեան այս էջէն:
Ու չենք հետաքրքրուիր յապաւուած մասերուն հոս տեսնուած տողերով ու հոն մնացած ամբողջական հատուածներուն ճակատագրով:
Ինչ որ առաջին ակնարկով կը ճշդուի, վէպին ընդհանուր այլասերումն է, այդ դիւրութեամբ գրական քսանամեայ գործ մը այլասերելու փաստն է զարմանալին, այլասերած է հոն ամէն բան, նկարագիր փոխած են բոլոր հերոսները եւ ուրիշ աշխարհէ մը եկած թանձր մշուշ մը խանգարած է «նաւ»-ուն ցեղային գնացքը: Ուղղութիւնը կորսնցուցած, աւելի ճիշդը` մեր լեռներէն վար իջած եւ ուրիշներուն տափակութիւններէն հմայուած տափակատենչ նաւ մը եւ ուղղութեան եւ ուղղամտութեան հետ բոլոր կապերը խզած յուսահատական նաւապետ մը:
Հոն մաքրաջրուած եւ հոս մէջբերուած նմուշին վրայ հիմնաւորուելով չէ, որ կ՛ըսենք այս խօսքերը: Քիչ մը նկատի ունինք ամբողջութիւնը: Մտքի պատմութեան մէջ աննախընթաց է ստրկահաճ այս արարքը: Աճպարարութիւնը կատարուած է ամէն քայլի վրայ, գրեթէ ամէն էջի մէջ: Ինչ որ մատնանշեցինք հոս, չնչին մաս մըն էր, ընթերցողին պզտիկ գաղափար մը տալու համար կազմուած պզտիկ բաժին մը: Ամբողջութիւնը, այսինքն «Նաւը լերան վրայ» վէպին երկու հրատարակութիւնները բաղդատական այս քննութեան պիտի ենթարկենք եւ շուտով արդիւնքը ընթերցողին պիտի յանձնենք առանձին տետրակով մը, որ կը կոչուի` «ԱՒԱԶԱԽՐԱԾ ՆԱՒԸ»:
Պ. ՍՆԱՊԵԱՆ

