Իպրահիմովիչ. «Ինծի Պէտք Չէ «Ոսկի Գնդակը», Որպէսզի Հասկնամ, Որ Լաւ Եմ»

zlatanՓարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ Օլիմփիաքոսի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակէն ետք (2-1) ըսաւ, որ իրեն համար կարեւոր է իմանալ, թէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի փլէյ-օֆի մրցումներուն իր կազմը որո՞ւն դէմ պիտի մրցի: Ան ըսաւ նաեւ, որ մոռնալով «ոսկիէ գնդակը», ինք շատ լաւ կը հասկնայ իր սեփական արժէքը:

«Ինծի համար կարեւորը եղաւ այն, որ մեր կազմը յաջողեցաւ յաջորդ հանգրուանին մեր տոմսը ապահովել` լուծելով իր դիմաց դրուած խնդիրը: Այժմ կը մնայ սպասել վիճակահանութեան արդիւնքներուն: Իսկ ինչ կը վերաբերի «ոսկիէ գնդակին», այդ մասին երբեք չեմ մտածեր, որովհետեւ ինծի համար մրցանակը երբեք կարեւոր չէ, որպէսզի տեղեակ ըլլամ, թէ ես ո՛վ եմ», ըսաւ Իպրահիմովիչ` ֆրանսական «լ՛էքիփ» մարզական օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:

Share this Article
CATEGORIES