«Էն. Պի. Էյ.». Փէյսըրզի 14-րդ Յաղթանակը, Իսկ Սփըրզի 2-րդ Պարտութիւնը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 13 մրցումներ: Նշենք, որ այսօր որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ:

Ինտիանա Փէյսըրզ, որ ցարդ կրած է միայն պարտութիւն մը, արձանագրեց իր 14-րդ յաղթանակը` 99-74 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Շարլոթ Հոռնեթցը:

Սակայն Սան Անթոնիօ Սփըրզ, որ արձանագրած է 13 յաղթանակ, կրեց իր 2-րդ պարտութիւնը` Օքլահոմա Սիթիէն` 94-88 արդիւնքով:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Շարլոթ Հոռնեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ 74-99
Օրլանտօ Մեճիք – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 105-94
Պոսթըն Սելթիքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ 93-100
Պրուքլին Նեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 94-99
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Մայեմի Հիթ 84-95
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Շիքակօ Պուլզ 79-99
Հիուսթըն Ռոքեթց – Աթլանթա Հոքս 113-84
Միլուոքի Պաքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 92-100
Մինեսոթա Վուլվզ – Տենվըր Նակեթց 110-117
Օքլահոմա Սիթի – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 94-88
Տալաս Մավըրիքս – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 103-99
Ֆէոնիքս Սանզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 120-106
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Նիւ Եորք Նիքս 93-80

Share this Article
CATEGORIES