Կարլեն Մկրտչեան Վիրաւորուեցաւ

GarlenՀայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Անժի Մախաչքալայի միջնապահ Կարլեն Մկրտչեան, որ վիրաւորուեցաւ, իր կազմին կատարելիք քանի մը մրցումներէ պիտի բացակայի, յայտնեց ակումբին հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութիւնը:

Անիկա յոյս յայտնեց, որ Մկրտչեան շուտով վերադառնայ ֆութպոլի դաշտերը եւ միանայ իր խմբակիցներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES