ԼԵՄ-ի 40-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին Օրուան Բանախօս Բենիամին Պչաքճեանին Արտասանած Խօսքը
Երիտասարդ կամ երիտասարդութիւն երբ կ’ըսենք, անմիջապէս կը պատկերացնենք թարմ մտածողութեան տէր, անսպառ կորով ունեցող, ըմբոստ, կաղապարները փշրող, հակաաւանդական, հակաընդունուած, խանդավառ, կենսունակ տղաք, որոնց համար անկարելի թուացածը կարելի է, իսկ հաստատուած կարգերը` փոփոխելի: Աշխարհը իրն է ու յեղաշրջելի:
Պեղող միտք է ու այլախոհ, քննադատող է ու հարցադրող: Առանց անպայման նորին պատկերացումը ունենալու` հինը մերժող, պարտադրուածին չհամակերպող, սակայն համոզուածին անսակարկ նուիրումով զոհաբերուող: Իտէալին ձգտող ու համոզումները կիրքի վերածող: Փափուկ կաւի նման է ան, որ վարպետին ձեռքերուն մէջ հրաշալի քանդակի կրնայ վերածուիլ, իսկ ապիկարներու ձեռքին` հրէշային գործիք դառնալ:
Կը գիտակցինք, որ անոնք են ազգի ապագայի կերտման հիմնական դրամագլուխը, վաղուան առաջնորդները, պատմութիւնը յառաջ մղողները: Անոնց ստացած դիմագիծէն ու պատրաստութենէն կախեալ է հաւաքականութեան մը, ազգի մը ապագան:
Մարդկային վեհ արժանիքներու ձգտող, պարկեշտ ու աշխատունակ, անձնուէր երիտասարդութիւնն է ազգի մը գոյատեւման ու յաջողութեան գրաւականը: Յանձնառու երիտասարդութիւնն է, որ կը սիրէ, կը պահպանէ ու կը հարստացնէ ազգային արժէքներն ու մշակոյթը, կը վերակենդանացնէ հինը ու կը ստեղծէ նորը: Կը պայքարի ամէն տեսակի անարդարութեան դէմ ու իտէալական մղումներով պատմութեան անիւը յառաջ կը տանի: Համամարդկային արժէքներու հաւատացող երիտասարդութիւնն է, որ ընկերային աւելի արդար կարգեր հաստատելու, կործանարար պատերազմներու դէմ բողոքելու թէ կենսոլորտը պաշտպանելու պայքարին մէջ յառաջատար դիրքերու վրայ կը գտնենք:
Հակառակը եւս առկայ է. այն ընկերութիւնները, որոնք իրենց յատուկ հոգածութեան առարկայ չեն դարձուցած երիտասարդութեան պատրաստութիւնն ու դաստիարակութիւնը, անոր ազգային առողջ դիմագիծի կերտումը, հաւաքական կամքի ձեւաւորումը ու զիրենք չեն զինուորագրած վեհ գաղափարներու ու իտէալներու շուրջ, անոնք իրենց ապագայի նկատմամբ, հեռահաս հետեւանքներով, ճակատագրական սխալ գործած են:
Այս հաւաքականութիւններուն մէջ անդիմագիծ, կրաւորական ու եսակեդրոն երիտասարդութեան գերագոյն նպատակը եղած է անձնական բարօրութիւնը, թէկուզ` այլոց հաշուոյն, անհատական փառքը ի հաշիւ հաւաքականին, «ես»-ը` «մենք»-ի փոխարէն: Ընդունած է շրջապատի անարդարութիւնը, եթէ այդ մէկը իրեն չէ առնչած, տեսած ու լուռ կողքով անցած, ամէն տեսակի շահագործումներուն ու կեղեքումներուն, գործնապաշտ ու իրապաշտ ըլլալու յաւակնութեամբ, հեգնանքով մօտեցած է ընդհանրական արժէքներուն ու համամարդկային իղձերուն եւ երբեմն նոյնիսկ չէ վարանած վտանգելու կամ վնասելու հասարակութեան` փրկելու համար իր մանր շահերը: Ուրացած է ազգայինը` ընդունուելու համար օտարներէն ու մոռացութեան տուած է անցեալը` խուսափելու համար պատասխանատուութենէն:
Այդպիսի հաւաքականութիւններ, որոնք չեն մշակած ու գործադրած իրենց յաջորդ սերունդներու բարոյական առողջ դաստիարակութիւնը, ազգային ու քաղաքական մտածողութեան զարգացումն ու կազմակերպ աշխատանքի միջավայրը դատապարտուած են քայքայուելու ու ձուլուելու: Այդտեղ բնական սերնդափոխութեամբ ազգային արժէքներու հարստացումն ու փոխանցումը տեղի չ’ունենար, հոն հաւաքական յիշողութիւնը կը խամրի, պատկանելիութեան զգացումները կը չքանան ու ընդհանրական նպատակներու բացակայութեան օտար ու խորթ վարդապետութիւններ կը թափանցեն:
Իսկ մենք իբրեւ հարուստ պատմութեան ու մշակոյթի տէր ազգ, իբրեւ Ցեղասպանութենէ վերապրած ու Դատ հետապնդող ժողովուրդ, իբրեւ նորանկախ հայրենիքի զաւակներ` ինչպիսի՞ սերունդի կ’ուզենք փոխանցել մեր ազգային արժէքները, վստահիլ մեր ազգին գոյատեւումը ու մեր իրաւունքներուն հետապնդումը: Ո՞ր երիտասարդութիւնն է, որ պիտի կարողանայ դիմագրաւել սփիւռքեան մաշեցնող պայմանները եւ միաժամանակ պահանջատիրութեան բռունցքը միշտ պատրաստ պահել:
Այս իմաստով, Լիբանանի երիտասարդական միութեան քառասնամեակը առիթ մըն է քննական ակնարկ մը նետելու ու խորհրդածելու անոր ստեղծման պայմաններուն, իրագործումներուն ու հասցուցած սերունդներուն, ոչ անպայման գովաբանական խօսքեր լսելու, այլ անցնող փորձառութենէն մեկնած, բացթողումները նշելու ու նոր մարտահրաւէրներու դիմաց հարկ եղած ճշդումներն ու պատշաճեցումները կատարելու:
Եղեռնի յիսնամեակը եղաւ այն անկիւնադարձը, երբ հայ քաղաքական միտքը կարիքը զգաց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումի հանգրուանէն անցնելու քաղաքական պահանջատիրութեան հանգրուանը, ներազգային ինքնամփոփ պարունակէն դուրս գալու ու բացուելու աշխարհին, սուգի կրաւորական մթնոլորտէն անցնելու քարոզչական ու քաղաքական գործօն աշխատանքի: Սակայն մինչ այդ որդեգրուած հայապահպանման գործելաոճը, որ ապահոված էր Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայրենազուրկ ազգի մը գոյատեւումը, բաւարար չէր ապահովելու քաղաքական ներգործօն դերակատարութիւն վերցնող երիտասարդութեան պատրաստութեան, հարկ էր գաղափարական հիմունքներով քաղաքականացած երիտասարդութիւն կերտել:
Ու այսպէս, տարբեր միջավայրերէ եկած երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ, ուսանող թէ արհեստաւոր, դուրս բերուեցան թաղային նեղ սահմաններէն ու մաս կազմեցին Լիբանանի նորաստեղծ երիտասարդական միութեան, որ կոչուած էր ըլլալու այն միջավայրը, ուր հայ երիտասարդը պիտի քաղաքականանար ու հարստանալով գաղափարական ու կազմակերպչական գիտելիքներով` պատասխանատու պարտականութիւններ ստանձնէր: Ու այդպէս ալ եղաւ: Քառասուն տարիներ անց կարելի չէ ճշգրտօրէն գնահատել ԼԵՄ-ի բովէն անցած երիտասարդութեան թիւը, սակայն անժխտելի է, որ հազարաւոր տղաք ու աղջիկներ, ծանօթանալով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծրագիրին ու կանոնագիրին, հաղորդուեցան Դաշնակցութեան գաղափարական աշխարհահայեացքով, համամարդկային արժէքներով, ընկալեցին ժողովրդավարութեան ու ընկերվարութեան սկզբունքները ու իրենց առջեւ նոր հորիզոններ բացուելով` աշխարհընկալման նոր հիմք ստացան ու աւելի արդար աշխարհ մը կերտելու կարելիութիւնը տեսան:
Ուսումնասիրելով Հայ դատի պատմական, քաղաքական թէ օրինական հիմքերը, անոնց մօտ աւելի ամրացան ու համոզում դարձան Դատին անժամանցելիութիւնը, արդարացիութիւնն ու առարկայական անժխտելի սկզբունքները:
Ծանօթանալով Դաշնակցութեան յեղափոխական հարուստ աւանդին` վարակուեցան անոր հերոսներու բարոյական տիպարներէն: Ռուբէնի յուշերու գործիչ- մարտիկները իրենց կուռքերը ու ներշնչման աղբիւրը դարձան: Բարի նախանձ կար մէջերնին` ինքզինք գերազանցելով կարգապահութեամբ ու զոհաբերութեամբ բարձրանալու ֆետայիներու առաքինութեան մակարդակին:
Գիտակցեցան, որ հակառակ բոլոր պայմաններուն` ազգն ու հայրենիքը գերագոյն արժէքներ են ու անոնց շահը գերակշիռ` կուսակցութեան եւ մանաւանդ անհատական շահերէն: Համոզուեցան, որ սահմաններն ու իշխանութիւնները ժամանակաւոր են, իսկ հողն ու ժողովուրդը անժամանցելի:
Ընտելացան կազմակերպչական գործին, հաւաքական աշխատանքով հնարաւորութիւնը ունեցան խօսքը գործի վերածելու եւ ծրագրուած ու համադրուած աշխատանքի գործնական արդիւնքը շօշափելու:
Ու դէպքերու հետագայ հոլովոյթը եկաւ անժխտելիօրէն փաստելու, որ հասած էր գաղափարական ու քաղաքական հասունութեամբ սերունդ մը, որ պատրաստ էր պայքարի ամբողջական պատասխանատուութիւնը իր ուսերուն վերցնելու:
Այդ սերունդը Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները իր առօրեայ մտահոգութեանց առանցքը դարձուցած` ա՛լ չէր բաւարարուեր փակ սրահներու մէջ կազմակերպուած ոգեկոչման ձեռնարկներով, պահանջատիրական բնոյթով ծրագրուած ու հետեւողական ցուցական ելոյթներ էին պէտք, ուստի, բողոքը լսելի դարձնելու համար, նոր ու ազդու հնարքներ յղացաւ ու քաջալերուած անոնց յաջողութիւններէն` իր մէջ աւելի եւս համոզումը արմատացաւ, որ ոչ միայն կարելի էր «բան մը փոխել», այլեւ` այդ փոփոխութեան մէջ իր մասնակցութիւնը բերել: Ինքը մասնիկն էր «Մեծ Գործին» ու հնարաւորութիւնը ունէր պատմութիւն կերտելու: Այդ ինքնավստահութիւնը զինք մղեց աւելի խիզախ ու յանդուգն քայլերու ու մինչեւ իսկ գերագոյն զոհողութեան: Իր շարքերէն յայտնի ու անյայտ նահատակներու փաղանգը վկայ:
Մամուլի էջերը, թէ պարբերաբար կազմակերպուած խորհրդաժողովները եղան միտք զարգացնելու ու տարածելու բեմերը: Անկաշկանդ քննարկումներն ու երբեմն սուր բանավէճերը կը մշակէին միտքերը ու կը ստիպէին ճիշդ ուղին որոնելու ընթացքին աւելի խորը թափանցելու հարցերուն:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը նոր փորձադաշտ մը եղաւ, ուր ԼԵՄ-ականը իր կարգապահութեամբ ու արիութեամբ մեր ժողովուրդի ապահովութեան ու ինքնապաշտպանութեան օրինակելի զինուորը դարձաւ: Իր վարք ու բարքով, անձնուիրութեամբ շրջապատը վարակեց` միշտ մնալով ամէնէն վտանգաւոր, յառաջատար դիրքերու վրայ: Պատերազմը զինք աւելի եւս հասունցուց, եւ անդրադարձաւ, որ իր ժողովուրդին Դատը հետապնդելու կողքին, ինք ունէր նաեւ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան պատասխանատուութիւնը, ու համոզուեցաւ, որ բացառապէս իր սեփական ուժերուն վստահելով ու ինքնուրոյն քաղաքական դիրքորոշում որդեգրելով` կարելի էր զայն ապահովել:
Գաղափարական ու քաղաքական իւրայատուկ պատրաստութեամբ, շատ բնական էր նաեւ զինք գտնել Հայաստանէն ու Արցախէն եկած իր հասակակիցներու կողքին, արցախեան ճակատի խրամատներուն մէջ, միասնաբար հայրենի հողը ազատագրելու: Ազգը միասնական էր իր բոլոր հատուածներով ու Շուշիի ազատագրումով անդրադարձաւ, որ հաւաքական ուժով ի՜նչ հրաշքներ կարելի էր գործել:
Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ անուրանալի է ԼԵՄ-ին բերած նպաստը ու կարելի է անվարան հաստատել, որ ան իր արժանաւոր տեղը գրաւեց հայոց պատմութեան վերջին տասնամեակներու էջերուն մէջ:
Քառասուն տարիներու ընթացքին շատ բան փոխուած է սակայն: Համաշխարհային գետնի վրայ խորհրդային կարգերու փլուզումով ու բեւեռներու վերացումով, հակագաղափարական ալիք մը ողողած է ամէնուրեք, հաղորդակցական միջոցները բազմացած են ու արագացած, տեղեկութիւնները համայնացած, օտար ու խորթ գաղափարներ ու մշակոյթներ տարածուած ու թափանցած, արժէքներ փոխուած, խորքայինն ու էականը` երեւութականով փոխարինուած, անհատականը գերակշռած հաւաքականին ու ապազգայինը ազգայինին:
Այս միջավայրի մէջ, թէեւ մեր երիտասարդական կառոյցները կուռ են ու կազմակերպ ու հոն համախմբուած են հայրենասէր ու նուիրեալ տղաք, սակայն այս մէկը բաւարար չէ հասարակական ու քաղաքական գործին մէջ ներգրաւելու ազգի թարմ ու կենսունակ, լաւագոյն տարրերը: Հայրենիքի թէ արտերկրի մէջ նուազած են մեր միութիւններուն անդամակցողները: Հակառակ հայ իրականութեան մէջ քաղաքական ու ազգային գետնի վրայ իր եզակի բնոյթին ու տարած մեծ աշխատանքին` մեր կառոյցները կը թուին մեկուսացած ըլլալ իրենց բնական միջավայրէն: Պատճառը ոչ թէ մեր դաւանած գաղափարներն ու հետապնդած նպատակները ժամանակավրէպ ըլլալն է, այլ նոր միջոցներով ու այժմէական մօտեցումներով զանոնք ներկայացնելու ու տարածելու ձեւին մէջն է: Հասարակութեան հետ կապուելու ու երիտասարդութեան հետ ազգային հարցերը կիսուելու, ընկերային հասարակական տագնապներուն մասին միասնաբար խորհրդածելու, նոր գործելաոճ պէտք է որդեգրել: Պէտք է ընդունինք, որ կայ հսկայական ներուժ ունեցող, մեծ կարողականութեամբ ու հնարաւորութիւններով երիտասարդ զանգուած մը, որ ազգային հիմնախնդիրներով տագնապելով հանդերձ, մաս չի կազմեր որեւէ միութեան կամ կազմակերպութեան: Պիտի կարողանանք ստեղծել, նոր ժամանակներու հետ համահունչ, անկաշկանդ ու ազատ այն միջավայրը, ուր այդ կարողականութիւնները պիտի զարգանան ու հունաւորուին ու հաւաքական ուժի վերածուին: Ա՛յս է մեր յաջողութեան գրաւականը, որուն համար ամէն մակարդակի վրայ կազմակերպական լուրջ մօտեցում կը պահանջուի:
Եթէ քառասուն տարիներ առաջ, շատ աւելի աննպաստ պայմաններու մէջ, պատասխանատու մարմիններ ու ընկերներ յաջողեցան երիտասարդական համագաղութային շարժում ստեղծել, ապա այսօր, անկախ հայրենիքի ու ազատագրուած Արցախի առկայութեան, մեր պատասխանատուութիւնը կրկնակի է: Մեր դէմ ցցուած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու, հզօր ու զարգացած հայրենիք կերտելու համար մեզի պէտք է համախմբել ազգին ու մանաւանդ երիտասարդութեան ներուժը ու գաղափարական լիցքաւորումով քաղաքականացած ու պայքարունակ, յանձնառու սերունդ պատրաստել:

