Մովսիսեան Ենթարկուեցաւ Յաջող Վիրաբուժութեան
Իր լուրը քաղելով Սպարտակ Մոսկուայի պաշտօնական կայքէջէն, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան Միացեալ Նահանգներու մէջ ենթարկուեցաւ յաջող վիրաբուժութեան:
Ռուսական ակումբի բժշկական անձնակազմի գլխաւոր պատասխանատու Միհայիլ Վարդապետովի հաստատումով, հայրենի ֆութպոլիստը ինքզինք կը զգար շատ լաւ վիճակի մէջ, որովհետեւ շատ բնական էր անոր վիրաբուժութիւնը` Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ:
Բացի ատկէ, ռուսական ակումբը յայտարարեց, որ Մովսիսեանէն բացի այն մարզիկները, որոնք վիրաւոր են, անոնց ձմեռնային արձակուրդը պիտի ըլլայ կարճատեւ, որովհետեւ անոնք, այդ միջոցին շուտ ապաքինելու համար պիտի աշխատին անձնական ծրագիրով:
CATEGORIES Մարզական

