Յստակացան Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականին Մրցակիցները

17Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը հաղորդեց, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 2015-ի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:

Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, զտումի իր մրցումները պիտի կատարէ Իտալիոյ, Իսլանտայի եւ Մոլտաւիոյ խումբերուն դէմ:

Share this Article
CATEGORIES