Ճատրակ. Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստան Յաղթեց Միացեալ Նահանգներուն` 2,5-1,5 Արդիւնքով

3-rd-roundԹուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն, երէկ 3-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ Հայաստան, որ ճակատեցաւ Միացեալ Նահանգներուն դէմ, 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Լեւոն Արոնեան, որ կը խաղար առաջին խաղատախտակին վրայ, յաղթեց Հիքարու Նաքամուրային:

Մնացեալ երեքը` Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան, հաւասարութիւններ արձանագրեցին յաջորդաբար Կաթա Քոմսքիի, Ալեքսանտր օնիսչուքի եւ Վարուժան Յակոբեանի հետ:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Հայաստան 5 կէտով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը:

Ուքրանիա, որ նոյն արդիւնքով յաղթեց Ազրպէյճանի, առաւելագոյն 6 կէտը ապահովելով կը գրաւէ առաջին դիրքը:

Մնացեալ մրցումներուն, Հոլանտա յաղթեց Գերմանիոյ, Ռուսիա` Չինաստանի եւ Թուրքիա` Եգիպտոսի, բոլորն ալ` 2,5-1,5 արդիւնքով:

Share this Article
CATEGORIES