Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Ֆրանսացի Դեսպանն Ու Իրանեան Պատուիրակութիւն Մը

Փաուլի եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Փաուլի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լիբանանի ներկայ կացութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած կեցուածքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ միջազգային ընտանիքին առաջնահերթութիւնները:
Փաուլի շեշտեց Լիբանանի մէջ կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է կազմել կառավարութիւն մը, որ կարենայ լուծել երկրին դիմագրաւած լուրջ հարցերը, յատկապէս տնտեսական եւ սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցերը, որոնք կարիք ունին յստակ որոշումներու եւ լուծումներու:
Փաուլի ընդգծեց նաեւ Լիբանանի կողմէ սահմանադրական ժամկէտները յարգելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով նախագահական ընտրութիւններուն մօտալուտ ըլլալը:
Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց նաեւ իրանեան խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, որուն նախագահեց Իրանի Ազգային ժողովի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին հարցերու յանձնախումբի փոխնախագահ Մանսուր Պուր:
Պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած պայթումներուն եւ Պըրրիի Թեհրան կատարած այցելութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումէն ետք Պուր ցաւակցութիւն յայտնեց պայթումներուն պատճառով զոհուած լիբանանցիներուն եւ իրանցիներուն համար` ընդգծելով, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը Իրանի համար մեծ անհրաժեշտութիւն է:
Այն Թինէ այցելեց նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայիսը, որ գործուղուած էր երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ: Ռայիս Պըրրիի յանձնեց Ժոմպլաթի կողմէ նուէր մը, որ կ՛ընդգրկէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հիմնադիր Քամալ Ժոմպլաթի հեղինակած գիրքերուն ամբողջական ժողովածուն:

