Միքաթի. «Զէնքը Միայն Իսրայէլի Դէմ Պէտք Է Ուղղել»

Միքաթի` ԷՍՔՈՒԱ-ի մէջ արտասանած իր խօսքին ընթացքին

Միքաթի` ԷՍՔՈՒԱ-ի մէջ արտասանած իր խօսքին ընթացքին

Պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցութեան միջազգային օրուան առիթով, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան ամէնէն աւելի կ՛ազդուի պաղեստինեան հարցով եւ արդէն իսկ շրջանցած է այնպիսի հանգրուաններ, որոնց գինը սուղ վճարած են հազարաւոր լիբանանցիներ եւ Լիբանան հաստատուած պաղեստինցիներ:

Միքաթի շեշտեց, որ տարիներու ընթացքին յստակ դարձած է, թէ զէնքը միայն Իսրայէլի դէմ պէտք է ուղղել` աւելցնելով, որ պաղեստինեան դատը արաբական աշխարհի առաջնահերթութիւններուն շարքին չի գտնուիր, յատկապէս նկատի ունենալով ներկայիս շրջանին մէջ տիրող կացութիւնն ու Սուրիոյ արիւնալի տագնապը:

Ան ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապին իմաստով Լիբանան ցոյց տուած է, թէ մարդկային վերաբերումը ինչ կը նշանակէ, եւ կոչ ուղղեց վերջ տալու Սուրիոյ արիւնահեղութեան եւ անոր վերադարձնելու իր խաղաղութիւնն ու առողջութիւնը:

Միքաթի շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը պաղեստինցի գաղթականներուն իրաւունքները վերադարձնելու առնչութեամբ պատասխանատու է` աւելցնելով, որ միջազգային արդարութիւնը երկու չափ երկու կշիռով կարելի չէ իրագործել:

Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքին` մերժելով Լիբանանի մէջ անոնց բնակեցումը:

Իր կարգին, Պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Ռամի Համատալլա հաստատեց, որ Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայանները ենթակայ կը մնան լիբանանեան իշխանութեանց որդեգրած օրէնքներուն:

Միւս կողմէ, Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի գաղթականութեան հարցերու բարձրագոյն յանձնակատար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք Կութիերես բարձր գնահատեց Լիբանանի կողմէ սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ ցուցաբերուած վեհանձնութիւնն ու առատաձեռնութիւնը` արտայայտուած թէ՛ լիբանանցի ժողովուրդին եւ թէ՛ լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ:

Կութիերես յայտնեց, որ ՄԱԿ տեղեակ է գաղթականներուն կողմէ Լիբանանի վրայ պարտադրուած տնտեսական ծանր բեռին մասին, եւ այդ պատճառով ալ իրենք յաւելեալ օժանդակութիւն կը պահանջեն միջազգային ընտանիքէն:

Վարչապետարանին մէջ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:

Նշենք, որ «Հայաթ» օրաթերթին համաձայն,  Միքաթի Ֆրանսայէն պահանջեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը համոզել, որպէսզի անոնք ընդունին 9+9+6 տարազին հիման վրայ կառավարութեան մը կազմութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES