50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 20 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԸ
ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Նախանցեալ թիւով հրատարակեցինք շահեկան տեղեկութիւններ` հայ բժշկական  միութեան գործունէութեան մասին, տեսակցութիւն մը ունենալով միութեան յարգելի ատենապետ տոքթ. Գէորգ Կերկերեանի հետ:

Այդ տեսակցութիւնը կարդալով` ընթերցողը կ՛ունենար այն յստակ տպաւորութիւնը, որ կը գտնուի ներկայութեանը միութեան մը, որ եթէ հրապարակը չ՛աղմկեր իր գործունէութեան շռնդալից արձագանգներով, բայց անպայման որ կը կատարէ հասարակութեան անվերապահ գնահատանքին արժանի կենսական գործ մը:

Միութեան ծրագիր-կանոնագրին մաս կազմող «Նպատակ»ի գլուխին հինգ յօդուածները առաւելագոյն չափով կ՛ընդգծեն անոր գործունէութեան տարողութիւնն ու կարեւորութիւնը.

1) Վառ պահել ու զարգացնել գիտական ոգին իր անդամներուն մէջ:

2) Մշակել, զօրացնել հայ բժիշկներու մէջ ընկերային եւ բարոյական կապերը ու

բարձր պահել հայ բժիշկին անունը եւ պատիւը:

3) Կարելի եղածին չափ հայացնել բժշկական գիտական բառերը:

4) Բարելաւել հայ ժողովուրդին առողջական վիճակը:

5) Օգնել բարոյապէս եւ նիւթապէս` բժշկութեան հայ կարօտ ուսանողներուն:

Իրենց միամեայ գործունէութեան ընթացքին հայ բժիշկները աշխատած են կարելի եղած չափով իրագործել այս հիմնական նպատակները եւ մեծ համեմատութեամբ յաջողած են, յատկապէս` իրենց նպատակի մարդասիրական ճիւղին մէջ:

Տոքթ. Գ. Կերկերեանի հետ մեր ունեցած տեսակցութեամբ, կրցանք արդէն հասարակութիւնը տեղեակ պահել կատարուած աշխատանքին մասին: Ներկայիս կ՛ուզենք շեշտը դնել այլ հարցի մը վրայ, որուն ակնարկած էինք` առանձին խմբագրականի մը վերապահելով անոր խորացումը:

Ատիկա ազգային հիւանդանոցի մը անհրաժեշտութեան խնդիրն է:

Լիբանանահայ գաղութը, քառասնամեայ իր կեանքով, ազգային հաստատութիւններու մարզին մէջ, արձանագրած է նկատառելի վերելք մը, որ տակաւին կը շարունակուի իբրեւ բնական արդիւնքը հայ ժողովուրդի շինարար ոգիին:

Եկեղեցիներու եւ դպրոցներու ցանց մը այսօր գոյութիւն ունի եւ կը գործէ Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ` սատարելով հայապահպանման կենսական պայքարին:

Առողջապահական մարզին մէջ ունինք Ազունիէի հիւանդանոցը, որ իր արդիական սարքաւորումով եւ առողջապահական գործին ընծայած նպաստով պատիւ կը բերէ մեր համայնքին: Բայց Ազունիէն մասնակի հիւանդութեան մը յատուկ հաստատութիւն մըն է, ընդհանուր հիւանդանոց մը չէ:

Կը կարծենք, թէ ժամանակը եկած է, որպէսզի այս գաղութը ունենայ իր ազգային հիւանդանոցը, որուն կարեւորութիւնը հրամայական դարձած է բազմաթիւ պատճառներով:

Առաջինը այդ պատճառներուն, անշուշտ, հայ ժողովուրդի առողջապահական վիճակի բարելաւումն է: Երկրորդը, նոյնքան կարեւոր պարագայ մը, հայ բժշկներու հաւաքական թէ անհատական գործունէութեան ընդարձակ ասպարէզ մը տալը:

Կը կարծենք, թէ այս անհրաժեշտութեան մասին երկու կարծիք չկայ, չի կրնար ըլլալ: Հարկ չկայ նաեւ շեշտելու գործին կարեւորութիւնը, որ բացայայտօրէն ակնբախ է:

Կը մնայ ստեղծել նիւթական պայմանները: Ճիշդ է, որ հարիւր  հազարաւոր ոսկիներու կը կարօտի նման ձեռնարկի մը իրականացումը: Բայց հայ ժողովուրդը ե՞րբ անճրկած է նիւթական դժուարութիւններու առջեւ: Անգամ մը որ խոր գիտակցութիւնն ունենայ գործին անհրաժեշտութեան, կու տայ իր առաւելագոյնը, կու տայ սրտով` յաջողցնելու համար ազգային կարեւոր ձեռնարկ մը:

Վստահ ենք, որ եթէ հայ բժշկական միութիւնը նման գործի մը ձեռնարկէ, իրեն հետ պիտի ունենայ հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն ամբողջական եւ անվերապահ աջակցութիւնը:

Այս վստահութեամբ յաջողութիւն կը մաղթենք մեր բժիշկներուն:

Share this Article
CATEGORIES