Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ուրիշներուն տխրութիւնը կամ ձախողութիւնը պիտի ազդէ ձեր վրայ, իսկ դուք ամէն գնով պիտի ջանաք մեղմացնել անոնց վիշտը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Խօսեցէք ձեր մտահոգութիւններուն մասին: Զանոնք ձեզի մի՛ պահէք, որպէսզի մղձաւանջի չվերածուի ան: Արտայայտուեցէք առանց վերապահութեան:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Տան մէջ թէ աշխատանքի` եղէք քիչ մը խստապահանջ, հարցերը կարգադրեցէք ամենայն ճշգրտութեամբ, ինչ որ կարեւոր է: Օրը կը պահանջէ նման լուրջ կեցուածք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ սպասէք, որ բոլոր գործերը եւ պատասխանատուութիւնը ձեր վրայ թողուն: Քիչ մը շարժեցէք, որպէսզի ձեր դիրքին տէրը մնաք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Քիչ մը ուշադրութիւն ըրէք ձեզ սիրող անձին, փոխադարձ սիրով արտայայտուեցէք: Սէրը արտայայտելու համար միայն տարեդարձները կամ Սեն Վալանթայնները բաւարար չեն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընտանիքի մէջ ձեզ պիտի յարգեն եւ միշտ օգնեն ձեր դժուարութիւնները փարատելու համար: Ունիք ձեր մասին մտածողներ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ կը հաւատաք ձեր «աստղին» ներգործութեան, կրնաք վստահ ըլլալ, որ պիտի ունենաք գործի յաջողութիւն, պաշտօնի բարձրացում: Յուսահատիլը անօգուտ է այս պարագային:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Աշխատանքի մէջ պահեցէք ձեր դիրքն ու տեղը` ուրիշներուն ալ ցոյց տալով իրենց տեղերը: Արթուն եղէք եւ արդարամիտ, պարկեշտ` մանաւանդ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր դէմքին վրայ տեսնուած ժպիտը պիտի փաստէ, թէ ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ այսօր: Շարունակեցէք ժպտիլ, որ կեանքն ալ ձեզի ժպտի:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ուշադիր եղէք ձեր կերածին եւ խմածին, որպէսզի անմարսողութիւն կամ այլ կարգի նեղութիւն չունենաք: Հոգ տարէք ձեր առողջութեան:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Երբեմն դիմեցէք ձեր շուրջիններուն խորհուրդին, որպէսզի իմանաք նորութիւններ: Ձեր բարեկամները ձեր մօտ են` ձեզի օգնելու:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ձեր աշխատանքին մէջ ոչ մէկ գոհունակութիւն ունիք, այն ատեն կրնաք փոխել ձեր գործը եւ նոր միջոցներ որոնել, որպէսզի գոհանաք:

Share this Article
CATEGORIES