50 Տարի Առաջ (2 Դեկտեմբեր 1963)

Հայ Կեանքը Այնճարի Մէջ

(Սեփ. թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)

Ազգային վարժարան.- Ազգային «Յառաջ» վարժարանը միշտ յարաճուն վերելքի մէջ է` շնորհիւ տարուած աշխատանքներուն:

1963-64 կրթական տարեշրջանին արդէն բացուած է Ժ. դասարանը: Եկող տարի կ՛ունենանք նաեւ ԺԱ. դասարանը: Այդպէսով հասած կ՛ըլլանք առաջադրուած նպատակակէտին` վերածելով զայն հայ սքուլի:

Վարժարանիս երկսեռ պաշտօնէութիւնը կը բաղկանայ քսան հոգիէ: Տնօրէնն է` Սարգիս Թ. Զէյթլեան, որ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի աւարտականներէն է, ու տարիներ շարունակ ձեռնհասօրէն վարած է «Յուսաբեր»-ի խմբագրութիւնը: Վստահ ենք, որ պիտի իրականացնէ մեր յոյսերը:

Ուսուցչական կազմին մէջ կան Պ. Սէ. եւ Պ.Է. ունեցողներ: Կան երկարամեայ փորձառութիւն ունեցողներ: Կան նաեւ հայ սքուլներէ վկայեալներ: Բոլորն ալ հոգիով փարած են գործին` հայ նորահաս սերունդը գալիքին պատրաստելու համար: Երկսեռ աշակերտութեան թիւն է 354, մանկապարտէզն ալ միասին առած:

Այս տարուան պիւտճէն մօտ 45 հազար լ. ոսկի է: Հոգաբարձութիւնը շնորհաւորելի աշխատանք տարած է ու կը տանի վարժարանի պիւտճէն ապահովելու ու անոր վերելքը հիմնաւորելու համար:

Ժամանում.- Անցած շաբաթ Այնճար ժամանեցին մեր ղեկավար ընկերներէն` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Յովհաննէս Տէվէճեան, Կոպեռնիկ Թանտրճեան, Ժաք Մուրատեան, Սամուէլ Չորպաճեան: Յաջորդաբար այցելեցին «Յառաջ» վարժարանը, Ս. Պօղոս եկեղեցին, հնութիւնները, ակն ու տեսարժան վայրերը: Վերջին այցելութիւնը վերապահուած էր ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին, ուր սրտագինս ծափողջունուեցան: Եղան բարիգալուստի մաղթանքներ: Հիւր ընկերները խօսեցան Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան, դաւանանքին, ազգապահպանման, հայ մշակոյթի զարգացման եւ ազատ ու անկախ հայրենիք ունենալու մասին:

Վերընտրութիւն.- Վիճակով դադրած ազգային նոր երեսփոխանի մը ընտրութիւնը, համաձայն Ազգային սահմանադրութեան տրամադրութեանց, տեղի ունեցաւ անցած կիրակի, Ազգային «Յառաջ» վարժարանին մէջ:

Միաձայնութեամբ, 325 քուէներով վերընտրուեցաւ Այնճարի նախկին ազգային երեսփոխան Գէորգ Էմմիեան:

Յ. Գ. ՊՈՒՐՍԱԼԵԱՆ

Այնճար

Share this Article
CATEGORIES